ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Օգոստոս 9-10ին Գերմանիոյ մէջ կայանալիք Weinsommer 2019ի գինիի փառատօնի յատուկ հիւրը պիտի ըլլայ Հայաստանը՝ իր գինիներով: Ըստ կազմակերպիչներուն՝ երկրի ընտրութիւնը կատարուած է նկատի ունենալով այն, որ Հայաստան ունի հարուստ գինեգործական պատմութիւն եւ աւանդոյթներ, իսկ հայկական գինիները օժտուած են իւրայատուկ համահոտային յատկանիշներով, ինչ որ Գերմանիոյ մէջ յաջողութեան հասնելու եւ պահանջքը բաւարարելու գրաւական է:
Փառատօնի ծիրին մէջ Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնարկը Հարաւային Գերմանիոյ մէջ գինի սիրողներուն ու գինիի մասնագէտներուն պիտի ներկայացուին հայկական 9 գինեգործական ընկերութիւններու գինիի 55 տեսակներ: