ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց արցախեան-ատրպէյճանական սահմանագիծի շարք մը հատուածներ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալով զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնեցին, որ նախագահին կ՛ընկերակցէին Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր։