Պատմական գեղեցկութիւն եւ կարեւորութիւն ու հնագոյն մշակոյթ ունեցող Հայաստան մեր օրերու համաշխարհային քարտէսին վրայ կը զբաղցնէ ռազմավարական դիրք:
Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի կը գրէ բրիտանական յայտնի «Kensington, Chelsea & Westminster Today» ամսագիրը, որուն Օգոստոսի թիւը լոյս տեսաւ հայոց թռչնագիր այբուբենի նկարը պատկերող շապիկով: Ամսագիրը մեծածաւալ յօդուածներ նուիրած է Հայաստանին՝ անդրադառնալով մեր երկրի պատմութեան, հաւատքին, զբօսաշրջութեան ու մշակոյթին:
Յօդուածներուն հեղինակները այս տարուան Յունիսին այցելած էին Հայաստան՝ մասնակցելու առաջին անգամ մեր երկրին մէջ կազմակերպուած «Մտքերու հայկական գագաթնաժողով»ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանիին տակ:
«Ծառայել Հայաստանին, կը նշանակէ ծառայել մեր քաղաքակրթութեան». 1895ին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուող բռնութիւններուն դէմ հանդէս եկած Բրիտանիոյ վարչապետ Ուիլեըմ Կլետսթոնի այս խօսքերով ալ հեղինակները կը սկսին Հայաստանի նուիրուած յօդուածաշարը՝ նշելով, որ մէջբերուած խօսքերը այսօր ալ կը շարունակեն մեծ իմաստ ունենալ, որովհետեւ Հայաստան կը շարունակէ իր նշանակալի նպաստը բերել զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս՝ համաշխարհային գիտութիւն, դասական երաժշտութիւն, ճատրակ եւ այլն: «Հայ ժողովուրդը յայտնի է իր տեսակով, որ միշտ գրկաբաց կ՛ընդունի այցելուները եւ դրացիները», կը նշեն հեղինակները:
Անդրադառնալով հայոց պատմութեան՝ KCW Today-ը կը նշէ, որ Հայաստան առաջինն էր, որ 301 թուականին ընդունեց քրիստոնէութիւնը՝ իբրեւ պետական կրօն: «Ունենալով նման հարուստ կրօնական եւ մշակութային պատմութիւն՝ պատահական չէ, որ ամբողջ աշխարհի հայերը այսօր ալ կը շարունակեն քրիստոնէական աւանդոյթները եւ ամուր կը պահեն իրենց հաւատքը», կը նշէ ամսագիրը:
Հեղինակները յատկապէս կանդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան՝ նշելով, որ 1915-1922 թուականներուն շուրջ 1.5 միլիոն հայեր Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորածի ենթարկուեցան իշխանութիւններուն կողմէ: «Այդուհանդերձ, քաղաքական ճնշումներու պատճառով, այս սարսափելի ոճրագործութիւնը երբեք արդար ճանաչում չէ գտած միջազգային հանրութեան կողմէ: Թրքական կառավարութիւնը միշտ հրաժարած է պատասխանատուութիւն ստանձնելէ կատարուածին համար, Միացեալ Նահանգները եւ Մեծn Բրիրանիան եւս դեռ պաշտօնապէս չեն ընդունած կատարուածը՝ վախնալով դիւանագիտական հարց ունենալէ Թուրքիոյ հետ», կը նշեն հեղինակները՝ պատմելով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի դերին մասին, որ կը կատարէ Ցեղասպանութեան մասին իրազեկման մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ:
«Դիմանալով ժամանակի փորձութեան՝ Հայաստան այսօր կը ծաղկի նոր թափ հաւաքող զբօսաշրջութեան եւ ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ամէն տարի միլիոնաւոր մարդիկ կ՛այցելեն Հայաստան, որ յայտնի է իր գեղեցիկ բնապատկերներով եւ դաշտերով», կը շարունակեն հեղինակները՝ պատմելով մեր երկրի գեղատեսիլ վայրերուն մասին: Անոնք յատկապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն փաստին վրայ, որ Հայաստան յայտնի է իբրեւ ձմեռնային մարզաձեւերու սիրահարներու վայր: Հեղինակները կը յայտնեն, որ մեր երկրին մէջ այցելուներուն կը սպասեն իւրայատուկ հայկական ուտելիքները, ինչպէս՝ խորովածը եւ տոլման:
KCW Today-ի Օգոստոսի թիւին մէջ յատուկ անդրադարձ կայ Մատենադարանին՝ հայոց ձեռագիրներու ստեղծման պատմութենէն մինչեւ հնագոյն ձեռագիրներու ստեղծումը եւ մեր օրերուն անոնց պահպանումը: Հեղինակները կը գրեն, որ հնագոյն ձեռագիրներու ուսումնարանը ոչ միայն հայկական ձեռագիրներու ամենամեծ հաւաքածոն ունի, այլ նաեւ այնտեղ կը պահպանուին օտար լեզուով հնագոյն ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ արժէքաւոր շատ մը նիւթեր, որոնց բնօրինակները, դժբախտաբար, շատոնց ոչնչացած են, եւ այսօր կը պահպանուին միայն անոնց հայերէն թարգմանութիւնները: