ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գործնական բարոյագիտութիւնը ընդհանրապէս մարդկային փոխյարաբերական կեանքին անգիր օրէնքները կը ճշդէ: Բարոյագիտութիւնը ի՛նք, բարոյականութեան գիտութիւնն է, որ օրէնքներ կը սահմանէ: Սակայն գործնական բարոյագիտութիւնը բոլորին ծանօթ է իր անգիր օրէնքներով: Կեանքը ի՛նք կը սորվեցնէ այդ օրէնքները, եթէ պատահի որ մէկը զրկուած ըլլայ ծնողական դաստիարակութենէ եւ իրեն առիթ ընձեռուած չըլլայ ուղղակի իր հօր կամ մօր բերնէն լսել այդ անգիր օրէնքները:
Վերացական գաղափարներու գլխաւորը՝ սէրը, բնականաբար հիմքն է բարոյականութեան, որուն պատճառով շօշափելի իրականութիւն կը դառնան խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը եւ համակեցութիւնը: Սակայն, գործնական կեանքը, ուսուցուած վերացական գաղափարներու օրինականութենէն անդին է: Իրական կեանքը այն հարթակն է, որուն վրայ կանգնած է համայն մարդկութիւնը: Բարոյական օրէնքներու միջեւ տարբերութիւններ կը նկատուին, ճիշդ է, երկրէ-երկիր, մշակոյթէ-մշակոյթ եւ կամ կրօնական ըմբռնումէ այլ կրօնական ըմբռնում: Սակայն բոլորին պարագային ալ կայ այն գետինը, որուն վրայ ստիպողաբար կանգնած է համայն մարդկութիւնը, փոխյարաբերական կեանք մը ապրելու համար միասնաբար:
Փոխադարձ յարգանքը այս համայնական գետինին՝ մեր առօրեայ կեանքին առաջին անգիր օրէնքն է: Ինչքա՜ն յորդորներ տրուած են մինչեւ հիմա եւ դեռ ինչքան ալ պիտի տրուին վստահաբար փորձառու մարդոց կողմէ, յատկապէս երիտասարդներուն: Հինէն եկող առածներն ալ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած են սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ: Օրինակ ո՞վ չէ լսած «յարգէ՛, որ յարգուիս» առածը: Կարճ, բովանդակալից եւ փոխյարաբերական կեանքի ամէնէն հեզասահ ուղին սորվեցնող խօսք մըն է ասիկա: Կան անշուշտ առարկողներ, որ կողմերէն մէկը անպայման նախաքայլը պէտք է առնէ: Այսինքն երկուքէն մէկն է որ նախ պիտի յարգէ, իսկ միւսն ալ անոր փոխադարձէ մատուցուած յարգանքը:
Գործնական բարոյագիտութեան անգիր օրէնքներէն մէկը կու գայ վերոյիշեալ դժուարութիւնը հարթելու հետեւեալ ձեւով: Բարոյական գնահատանք կու տայ ան այդ երկուքէն առաջինին…: Յարգանքի նախաձեռնողը աւելի բարձր գնահատանք ունի քան հետեւողը, որովհետեւ մարդիկ կա՛մ նախաձեռնող կը ծնին եւ կամ՝ հետեւող: Ուրեմն հետեւողէն աւելի նախապատիւ է նախաձեռնողը: Յարգանքի պարագային ալ կը ճշմարտուի այս անգիր օրէնքը:
Այլախոհներ կան, որոնք յարգանքի դիմաց ընծայուած յարգանքը բարոյական բարձրակէտ կամ գնահատելի երեւոյթ չե՛ն համարեր: Անոնք կ՛ըսեն, որ յարգանքը բնա՛ւ պէտք չէ նուազեցնել կամ վերացնել, նոյնիսկ եթէ դիմացի կողմը կը զլանայ փոխադարձել զայն: Ասիկա թեթեւ ծայրահեղութիւն պէտք է համարել, որովհետեւ կեանքը ինք շնչառութիւն մը ունի: Կեանքը առեւտուրի ձեւ մըն է, այնքան ատեն որ ստիպուած ենք մարդկային ընկերութեան մէջ ապրիլ: Ճգնաւորներն ալ անցեալին իրենք իրենց հետ ապրելու փորձառութիւնը կ՛ունենային: Եթէ չկայ դիմացդ ուրիշ մարդ, այդ ըսել չէ՛ որ դուն առանձին ես. դիմացդ քու ա՛նձդ կայ, դո՛ւն կաս: Դուն քեզի հետ ալ յարգանքո՛վ պէտք է վարուիս: Առողջութիւնդ դիմացդ կեցած մէկն է: Եթէ դուն քու առողջութեան հետ չկարենաս լաւ վարուիլ, առողջութիւնդ ալ քեզի հետ լաւ չի՛ վարուիր: Ահա թէ ինչպէս ուրիշին հետ ապրիլը պարտադիր է մեզի համար, այնքան ատեն որ այս կեանքին մէջ ենք, այսինքն ֆիզիքապէս գոյութիւն ունինք:
Կրօնական հասկացութեամբ ալ մենք առանձին չենք, երբ Աստուծոյ տիեզերական հսկող աչքը համայն մարդկութեան վրայ բացուած է երկինքէն: «Աստուած ամէն ինչ կը տեսնէ» կ՛ըսէ կրօնը: Ուրեմն դուն իբրեւ մարդ ինչքան ալ մեկուսանաս, քաշուիս այս աշխարհէն ու մարդու երես չտեսնես, դարձեալ չե՛ս կրնար ըսել որ մինակ ես եւ ամէն ինչէ հեռու: Աստուծոյ աչքը չե՛ս կրնար հեռացնել վրայէդ, ինչքան ալ հոգիէդ հաւատքը փորձես պարպել:
Այլամերժներ ալ կան, որոնք վերոյիշեալ բարոյագիտական օրէնքին այլ մեկնաբանութիւն կու տան: Անոնք աւելի ընդլայնելով ծանօթ առածը յարգանքի մասին, Մովսիսական օրէնքի փոխհատուցման իմաստով կ՛ընդունին զայն: Ասոնք կ՛ըսեն՝ «Յարգողին կը յարգեմ, խածնողին կը խածնեմ, սիրողին կը սիրեմ»: Սակայն ասիկա քրիստոնէական վարդապետութենէն հեռու է, երբ Յիսուս կ՛ըսէ, որ քեզի ապտակ զարնողին, միւս երեսդ ալ դարձո՛ւր:
Յարգանքը չափ ունի այս կեանքին մէջ: Ինչքան ալ գրաւոր կամ անգիր օրէնքներու մասին խօսինք կամ գրենք, ինչքան ալ կրօնները իրենց բարոյախօսութեամբ մեզի ուղղութիւն տան դէպի լաւն ու բարին, դարձեալ ներքին զգացողութեամբ պէտք է սահման դնենք նոյնիսկ մեր յարգանքին:
Կ՛ըսուի, թէ անտառին մէջ երկար ու խիտ բաշերով եւ քիչ մըն ալ դեղնորակ իշուն առիւծ կարծելով սկսեր են դիմացը խոնարհիլ: Աւելին, անտառի կենդանիներով հաւաքուեր են ու ի պատիւ «առիւծին» խրախճանք սարքեր են: Կենդանիներէն իւրաքանչիւրը երկիւղով մօտեցեր է անոր համար յատուկ պատրաստուած գահին, իր թանկարժէք նուէրը մատուցեր ու մեծ յարգանքով վերադարձեր է իրեն համար որոշուած տեղը:
Բոլորին յարգանքն ու պատիւը ընդունելէ ետք, երբ սեղանապետը խոնարհաբար եւ ամենայն երկիւղածութեամբ հրաւիրեր է «առիւծին» արքայական իր խօսքը ուղղել ներկաներուն, «առիւծը» իր քաղցր ձայնը ձգեր է եւ բոլորը լսելով անոր զռոցը, իմացեր են անոր ով ըլլալը…: Հրաւիրեալները խմբովին հեռացեր են սեղանէն, ըսելով. «Առիւծի պատիւ տուինք, էշ դուրս եկաւ»:
Մարդկային կեանքը եթէ լուսապատճէնուած օրինակը չէ՛ վերոյիշեալ բարոյալից առակին, գէթ կարելի է նմանակը համարել, որովհետեւ շատե՜ր կան մեր շրջապատին մէջ, որոնց առիւծի պատիւ կու տանք, այնքան կը յարգենք, որ անոնք նոյնիսկ այնպէս կը խորհին թէ մենք իրենց ենթակայ ստրուկներ ենք, սակայն խորքին մէջ վերոյիշեալ «առիւծէն» չեն տարբերիր անոնք: Պարզապէս մենք մեր յարգանքին մէջ չափազանցող եղած ենք, առանց իմանալու որ անոնք բնաւ առիւծ չե՛ն կրնար դառնալ: Այն ինչ որ բնութիւնը սահմանած է իրենց համար, անոնք միայն ատիկա կրնան ներկայացնել: Զռոցը բնա՛ւ մռնչիւնի չի՛ վերածուիր: Աւելին, առիւծը իր ապրած որջը միշտ մաքուր կը պահէ, իսկ էշը ամէն տեղ իր «այցետոմս»ը բաշխելով կը քալէ ու կ՛անցնի:
Յարգանքի մէջ չափազանցող ըլլալը ո՛չ համեստութեան նշան է, ո՛չ ալ բարոյականութեան չափանիշ: Ատիկա պարզապէս մեր անձին շահագործման դուռ կը բանայ, մեր նկատմամբ յարգանքի պակասի պատճառ ալ հանդիսանալով: Հիները կը թելադրէին ամէն ինչի մէջ չափաւոր ըլլալ: Ատիկա եթէ մեր կերած ու խմածին մասին միայն հասկնանք, բաւարար պիտի չըլլայ այս կեանքը երջանիկ ապրելու համար: Առողջութիւն ունենալը մէկ մասն է միայն կեանքը լաւ ապրելու: Դեռ կայ այս կեանքը երջանիկ ապրելու խնդիրը, որուն մէջ մեծ դեր ունի փոխյարաբերական կեանքը մեր շրջապատին հետ: Ուստի, ուրիշին մատուցած յարգանքիդ չափը գիտցի՛ր, որպէսզի կեղծ առիւծներու դայեակը չըլլաս շրջապատիդ մէջ: