ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Վահագն Դաւթեան ոսկի մետալ նուաճած է Իսրայէլի մէջ կայացած մրցաշարքի մը ընթացքին, կը հաղորդէ Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական յանձնախումբը։
Արդարեւ, Թել Աւիւի մէջ կայացած է մարմնամարզութեան Իսրայէլի բաց ախոյեանութիւնը, որուն մասնակցած են նաեւ հայ մարմնամարզիկներ:
Օղակներու վարժութիւն մրցաձեւին մէջ ախոյեան դարձած է եւրոպական խաղերու արծաթէ մետալակիր Վահագն Դաւթեան, իսկ եւրոպական խաղերու ախոյեան Արթուր Դաւթեանը՝ նոյն վարժութեան մէջ նուաճած է արծաթէ մետալ:
Մարզիկները Իսրայէլ մեկնած էին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի եւ մարզիչ Սօս Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: