ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան 20 Օգոստոսին ընդունեց Արժոյթի միջազգային հիմնարկի (ԱՄՀ) Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Ժիհատ Ազուրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Կեդրոնական դրամատան հասարակութեան հետ կապերու ծառայութենէն յայտնեցին, թէ՝ ողջունելով հիւրերը, Ջաւադեան գոհունակութեամբ նշեց, որ ԱՄՀի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը միշտ արդիւնաւէտ եւ կարեւոր եղած է: ԱՄՀն նիւթական եւ թեքնիք համընդգրկուն աջակցութեան ծրագիրներով էական ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ փոքր տնտեսական կացութեան կայունութեան ապահովման եւ իրականացուող տնտեսական քաղաքականութեան հանդէպ վստահութեան կառուցման առումով:
Արթուր Ջաւադեան նաեւ բարձր գնահատեց ԱՄՀի դերը Հայաստանի փոքր տնտեսական զարգացումները օտար ներդրողներուն եւ գործընկերներուն անաչառօրէն ներկայացնելու առումով:
Ժիհատ Ազուր նշեց, որ այս տարուան Մայիսին, ԱՄՀի խորհուրդը Հայաստանին տրամադրեց 36 ամիս ժամկէտով «Սթենտ Պայ» տեսակի վարկային միջոցներ, որոնք պիտի հանդիսանան երկրին մէջ փոքր տնտեսական կայունութեան եւ համակարգային բարեփոխումներու շարունակականութեան եզակի խարիսխներէն: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի վերաբերող Ֆինանսական հատուածի գնահատման ծրագիրի (FSAP) ամբողջական վերանայման առումով ԱՄՀի ներդրած ջանքերուն՝ յատկապէս շեշտելով, որ զեկոյցին մէջ արտացոլացող ֆինանսական հատուածի զարգացման առաջնահերթութիւններու վերլուծութեան դրոյթները գործօն դեր կը խաղան Հայաստանի մէջ ֆինանսական կայունութեան պահպանման համար եւ ներառուած են դրամատան աշխատանքային օրակարգին վրայ:
Արթուր Ջաւադեան հակիրճ կերպով ներկայացուց տնտեսական աճին, դրամավարկային քաղաքականութեան, ֆինանսական կայունութեան վերաբերող զարգացումները եւ կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումները։