ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութան կեդրոնի պետ, գնդապետ Ալեքսանդր Աւետիսեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Քենզըս նահանգի ազգային ջոկատը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին Աւետիսեան կարեւոր նկատեց Մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութան կեդրոնին եւ Քենզըս նահանգի ազգային ջոկատին միջեւ համագործակցութեան շարունակականութեան ապահովումը, որուն ծիրին մէջ կազմակերպուած են վերապատրաստման դասընթացներ: Կողմերը ընդգծեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ համագործակցութեան ընդլայնման, փորձառութեան փոխանակման նպատակով այցելութիւններու եւ վերապատրաստման դասընթացներու յաւելման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման աւարտին պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան Մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութեան կեդրոնին մէջ, ծանօթացան «Թէժ գիծ»ի աշխատանքին եւ քննարկեցին աշխատանքներու կազմակերպումը։