ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զինամթերքով բեռնաւորուած թրքական ինքնաշարժներ 19 Օգոստոսին, սահմանէն անցնելով՝ մուտք գործեցին Սուրիա եւ ահաբեկչական «Ճապհաթ Նուսրա»ի օգնութեան հասնելու համար ուղղուեցան դէպի Իտլիպի մօտ գտնուող Խան Շէյխուն քաղաքը, ուր մէկ օր առաջ մուտք գործած էր սուրիական բանակը:
Նախարարութիւնը նշեց, որ թրքական այդ քայլը «կը հաստատէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն տրամադրուած թրքական անսահման աջակցութիւնը»:
Նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց թրքական բացայայտ միջամտութիւնը՝ թրքական վարչակարգը ամբողջական պատասխանատուն նկատելով Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնահարման հետեւանքներուն:
«Թրքական վարչակարգի այս թշնամական վարմունքը որեւէ ձեւով պիտի չազդէ Խան Շէյխունի մէջ թէ այլուր ահաբեկիչներու մնացորդները մաքրելու սուրիական բանակին վճռակամութեան վրայ», յայտարարեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Աւելի ուշ, սուրիական բանակի տեղեկատուութեան բաժանմունքը հաղորդեց, որ սուրիական օդուժը հարուածեց Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող «Ֆայլաք Շամ» զինեալ խմբաւորման շարասիւնը, որ կը սպասէր թրքական շարասիւնի մը: Ռմբակոծման պատճառով «Ֆայլաք Շամ»էն զինեալ մը սպաննուեցաւ եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Իտլիպի գիւղական շրջանէն գործիչներ «Մայատին» կայանին յայտնեցին, որ թրքական բանակի զրահապատ ինքնաշարժներու շարասիւնը կանգ առաւ սուրիական օդուժին այդ ռմբակոծումին պատճառով:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հսկողութեան 9րդ կէտը ուղղուող թրքական զինուորական շարասիւնին դէմ սուրիական օդային հարուածին պատճառով 3 քաղաքայիններ սպաննուեցան եւ 12 ուրիշներ վիրաւորուեցան»՝ պնդելով, որ յարձակումը խախտում մըն է Անգարայի կնքած համաձայնութիւններու պայմաններուն եւ Ռուսիոյ հետ Անգարայի գործակցութեան՝ նշելով, որ Թուրքիա յարձակումին մասին տեղեակ պահեց Ռուսիան:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական շարասիւն մը աշխատանք կը տանի Խան Շէյխունի մօտ դիրք մը հաստատելու:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մարսէյի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Իտլիպին վերատիրանալու սուրիական բանակի գործողութիւններուն:
Նշենք, որ Իտլիպը ահաբեկիչներուն վերջին գլխաւոր կեդրոնն է Սուրիոյ մէջ: Բացի ընդդիմադիր զինուած ուժերէն, հոն կան ահաբեկչական շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնց մէկ մասը մօտէն կը գործակցի Անգարայի հետ։