ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի, Վանի, Տիգրանակերտի, Պոլսոյ, Մարտինի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ 20 Օգոստոսին տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, դատապարտելով Մարտինի, Տիգրանակերտի եւ Վանի քաղաքապետները պաշտօնազրկելու ներքին գործոց նախարարութեան որոշումը:
Ոստիկանութիւնը ուժի դիմեց՝ ցրուելու համար ցոյցերը եւ բազմաթիւ ցուցարարներ ձերբակալեց, ներառեալ՝ տարեց կիներ:
Յիշեցնենք, որ 19 Օգոստոսին, Անգարա կամայական կերպով որոշած էր իրենց պաշտօններէն հեռացնել Մարտինի, Տիգրանակերտի եւ Վանի քաղաքապետները, որոնք կը ներկայացնեն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:
Եւրոպական խորհուրդի երեսփոխան, Թուրքիոյ հարցերու զեկուցող Քեթի Փիրի քննադատեց քիւրտ քաղաքապետներու պաշտօնանկութեան որոշումը՝ գրելով. «Քաղաքապետները ընտրուելնէն չորս ամիս ետք հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն։ Անոնք կը մեղադրուին ահաբեկչութեան հետ կապ ունենալու յանցանքով։ Դարձեալ ոչ մէկ յարգանք՝ ժողովուրդին կամքին նկատմամբ։ Ո՞րն է յաջորդ քայլը՝ Անգարայի եւ Պոլսոյ քաղաքապետներուն պաշտօնազրկո՞ւմը»։
Միւս կողմէ, այս որոշումին մասին յայտարարութիւններ կատարեցին նաեւ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ ու նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու։ Կիւլ եւ Տավուտօղլու, դատապարտելով որոշումը՝ գրեցին, որ ընտրեալ քաղաքապետները պաշտօնէ հեռացնելու որոշումը ներհակ կը մնայ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն։
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնակատարի խօսնակ Մայա Քոսեանչիչ եւս արտահայտուեցաւ՝ գրելով. «Տիգրանակերտի, Վանի եւ Մարտինի քաղաքապետներ Սելճուք Մըզրաքլըի, Պետիա Էրթանի եւ Ահմետ Թիւրքի պաշտօնանկութիւնը լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ կասկածի տակ կը դնէ 31 Մարտի ընտրութիւններու ժողովրդավարական արդիւնքներուն նկատմամբ յարգանքը»:
Իր կարգին, Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր Կէօքա Աքպուլութ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան աջակցելու եւ իշխող կուսակցութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու կոչ ըրաւ. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը ցոյց տուաւ, թէ որքան հեռու է ժողովրդավարութենէն: Եւրոպա պէտք է դադրեցնէ համագործակցութիւնը հակաժողովրդավարական Թուրքիոյ հետ»։
Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Քլոտիա Ռոթ եւս քննադատեց քաղաքապետներու փոխարէն պետական հոգաբարձուներու նշանակումը։ «Այս որոշումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ոչնչացուին ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան վերջին մնացորդները», յայտարարեց Ռոթ:
Պոլսոյ եւ Իզմիրի քաղաքապետները եւս քննադատական գրառումներ կատարեցին։ Ըստ Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի՝ քաղաքապետներու պաշտօնանկութեան որոշումը ոչ մէկ աղերս ունի ժողովրդավարութեան հետ եւ անընդունելի է: Իսկ ըստ Իզմիրի քաղաքապետ Թունչ Սոյերի՝ այս որոշումով ոտնահարուած է ժողովուրդին կամքը:
Վերջապէս, «Մարդկային իրաւանց դէտ» («Human Rights Watch», HRW) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջեց, որ անմիջապէս իրենց պաշտօններուն վերադարձնէ Վանի, Տիգրանակերտի եւ Մարտինի քաղաքապետները, զանոնք պաշտօնազրկելու որոշումը բնութագրելով՝ իբրեւ «ժողովուրդի կամքի ոտնակոխում եւ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներու անտեսում»:
Հակառակ այս դատապարտումի ալիքին, Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ նշեալ երեք քաղաքապետներուն պաշտօնանկութիւնը եւ անոնց փոխարէն պետական հոգաբարձուներու նշանակումը «անհրաժեշտ քայլ էր ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի ծիրին մէջ: