ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Կարէն Աբրահամեան 20 Օգոստոսին հանդիպումներ ունեցան ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ։
Արցախի նախագահին հետ հանդիպումին քննարկուեցան Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Նախարար Մայիլեանի հետ քննարկուեցան Ատրպէյճանի մէջ գտնուող ռազմագերի Արայիկ Ղազարեանի հարցը եւ անոր հայրենիք վերադարձի կարելիութիւնները՝ ընդգծելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքին հետեւելու տագնապի կողմերուն ստանձնած պարտաւորութիւններու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին դիտարկութեան վերաբերեալ:
Զօր. Կարէն Աբրահամեանի հետ հանդիպումին միտքեր փոխանակուեցան արցախեան-ատրպէյճանական տագնապի լուծման գծով տարուող աշխատանքներուն, Ատրպէյճանի մէջ յայտնուած զինուորին ճակատագիրին եւ սահմանագիծին վրայ տիրող մարտավարական իրադրութեան վերաբերեալ: