ՎԱՐԴՈՒՀԻ (ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ) ՊԷԶՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Փետր. 23, 1941ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Վարդուհի Պէզճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Օգոստոս 26, 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, 1510 E. Mountain st.։
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ կից ,Ռէյմոն եւ Անի Գույումճեանե սրահին մէջ։
Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Լիբանանի մէջ, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Ֆըրըն Շըպպաքի գերեզմանատան մէջ որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ Օգոստոս 30, 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Անթուան Պէզճեան
Զաւակը՝ Ժորժ եւ Շուշան Պէզճեան եւ զաւակները՝
Ռոզալին եւ Ճեսիքա (Լիբանան)
Դուստրը՝ Վարդան եւ Գարօլին Քիւրտեան
եւ զաւակները՝ Սէրժ, Սարին եւ Սեւակ
Դուստր՝ Յովիկ եւ Նաթալի Ապրումեան եւ զաւակները
Հրակ եւ Սելին (Լիբանան)
Տալը՝ Մարի Պէզճեան (Լիբանան)
Եղբայրը՝ Արմէն եւ Սիմա Ահարոնեան եւ զաւակները (Ֆրանսա)
Քոյրը՝ Գրիգոր եւ Անի Աբրահամեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Քոյրը եւ եղբայրը՝ Մարի եւ Գարեգին Ահարոնեաններ (Լիբանան)
Եւ համայն Պէզճեան, Ահարոնեան, Քիւրտեան, Ապրումեան, Աբրահամեան, Վարպետեան, էմիրեան, Տիշոյեան եւ Հալաճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները