
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երեքշաբթի, 20 Օգոստոսին, 2019-2020 տարեշրջանի կրթական վերամուտին առթիւ, Ազգային վարժարանները պաշտօնապէս իրենց դռները բացին, բարի գալուստ մաղթելով աշակերտութեան։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, շրջաններու հոգեւոր հայրերը մասնակցեցան վերամուտի բացման արարողութիւններուն, աղօթք կատարեցին եւ ընթերցեցին այս առիթով սրբազան հօր ուղղած պատգամը։

Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 50րդ վերամուտին առթիւ, առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ վարժարանի բացման արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը, օրհնեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը եւ ծնողները։ Սրբազան հօր կողքին էր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան։
Ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Սարգիս Ուրֆալեան, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ եւ աշակերտներ։

Յայտագիրը սկսաւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի աղօթքով։ Աշակերտական խորհուրդի անդամները արտասանեցին հայերէն եւ անգլերէն ուխտերը եւ երգեցին հիմներգները։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց անգլերէնի ուսուցչուհի Փաթիլ Տէր Յովակիմեան, որ նաեւ օրուան հանդիսավարն էր։
Շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին եւ գնահատագիրներ յանձնեցին դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆի, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Միչ Օ՛Ֆերըլի ներկայացուցիչները։
Հայերէնի ուսուցչուհի Սոնա Մատարեան ուղղեց իր պատգամը, իսկ աշակերտները ելոյթ ունեցան 50ամեակին ձօնուած խօսքերով եւ մշակութային ներկայացումներով։

Վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեան ուղղեց իր խօսքը՝ անդրադառնալով վարժարանի յիսնամեայ աւանդին եւ ժառանգութեան, որուն հիման վրայ, կէս դարէ ի վեր Փիլիպոսը կ՛առաջնորդուի ո՛չ միայն ուսում ջամբելով աշակերտութեան, այլ անոնց միտքերն ու հոգիները դաստիարակելով հայեցի շունչով։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անցեալի ու ներկայի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան, իրենց ջանասիրութեան համար, իսկ աշակերտները խրախուսեց, որ միշտ շարունակեն լաւագոյնին ձգտիլ, բարձունքներ նուաճելով եւ հաւատարիմ մնալով իրենց ազգային անժամանցելի արժէքներուն։
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամին սկիզբը ողջունեց տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանը եւ օգնական տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանը ու վարժարանի համայն ընտանիքը, որոնք իրենց ոսկեայ յոբելեանին ընդմէջէն նոր նուաճումներ պիտի արձանագրեն, հարուստ անցեալի աւանդով, ամրակուռ ներկայով եւ խոստմնալից ապագայով։ Ան օրհնեց եւ գնահատեց բոլոր ուսուցիչները, որոնք նուիրումով կը կատարեն իրենց աշխատանքը, ինչպէս նաեւ գնահատեց ծնողները, իրենց ցուցաբերած սիրոյն, զոհողութիւններուն եւ նուիրուածութեան համար։ Ան մաղթեց, որ նոր ուսումնական տարին օրհնուի Տիրոջմով եւ ըլլայ յաջող ու արգասաբեր։

Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ անոնք միշտ յիշեն եւ երախտագէտ ըլլան, հայկական վարժարան յաճախած ըլլալու առանձնաշնորհումին համար։ »Հայկական վարժարանը, սոսկ ուսումնարան մը չէ, այլ կրթարան մը, ուր կը կազմաւորուի իրենց հայկական ինքնութիւնը«, ըսաւ ան։
»Օգտուեցէ՛ք այս իւրայատուկ առիթէն, որ կը շնորհուի ձեզի. սորվեցէ՛ք մեր լեզուն եւ աղօթքները, սորվեցէք մեր հարուստ պատմութեան, հինաւուրց հայրենիքին եւ հաւատքին մասին, եւ մտածեցէք, թէ ի՛նչ ներդրում կրնաք ունենալ մեր ազգին յառաջդիմութեան մէջ«, շեշտեց սրբազանը։
Եզրափակելով իր խօսքը, ան անգամ մը եւս օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են մեր ազգային վարժարաններու յարատեւ յաջողութեան մէջ, ըլլան անոնք իրերայաջորդ խնամակալ մարմինի անդամներ, տնօրէններ, վարիչներ, հոգաբարձական կազմեր, ուսուցչակազմեր եւ կամաւորներ։
Յայտագիրը եզրափակուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր »Պահպանիչ«ով եւ »Տէրունական աղօթք«ի երգեցողութեամբ։