
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, 2020ի Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ ճակատեցաւ Պոսնիա Հերցեկովինայի հաւաքականին դէմ։ Հայաստանի խումբը, որ շատ ինքնավստահ կերպով սկսաւ մրցումը, կրցաւ իր տիրապետութեան տակ պահել մրցումը, 4-2 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով աշխարհի 42րդը դասուած հաւաքականին դէմ։
Խումբին արձանագրած չորս կօլերուն երկուքին հեղինակն էր խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ նաեւ երրորդ կօլին համար կատարեց կօլի հոյակապ փոխանցումը՝ որուն շնորհիւ Յովհաննէս Համբարձումեան նշանակեց իր կօլը։
Նշենք, որ Մխիթարեանի կօլերուն փոխանցումները յաջորդաբար կատարեցին Տիգրան Բարսեղեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան, իսկ չորրորդ կօլը նուէր մըն էր Հայաստանին, նշանակուած պոսնիացի յետսապահին կողմէ, որ կը փորձէր կասեցնել Մխիթարեանի մէկ փոխանցումը։

Պոսնիացի մարզիկները, որոնք շատ վտանգաւոր յարձակումներ կը գործէին, կրցան արձանագրել միայն երկու կօլ, մինչ բերդապահ Արամ Հայրապետեան քանի մը կենսական միջամտութիւններով կրցաւ զսպել անոնց ախորժակը։
Այս յաղթանակին շնորհիւ գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի Հայաստանի հաւաքականը 10րդ խմբակին մէջ դարձեալ բարձրացաւ երրորդ դիրք։ Առաջինը կը մնայ Իտալիա, որ ցարդ բոլոր (վեց) խաղերը վերջացուցած է յաղթանակով, իսկ երկրորդն է Ֆինլանտա, որ երեք կէտերու առաւելութիւն մը ունի Հայաստանի վրայ։
Նշենք, որ Հայաստանի խումբին դէմ պարտութենէն ետք, Պոսնիոյ խումբին գլխաւոր մարզիչը հրաժարական տուաւ։
Հայաստանցի մարզիկները եւ 12,457 համակիրները խանդավառութեամբ տօնեցին այս յաղթանակը։
Զտումի մրցաշարքին մէջ Հայաստանի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 Հոկտեմբերին, Լիխթընշթայնի մէջ, իսկ 15 Հոկտեմբերին՝ Ֆինլանտայի մէջ: