
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2020ին կը նախատեսուի ստեղծել համահայկական խորհրդատուական մարմին մը, որուն միջոցաւ Սփիւռքը ներկայացուած պիտի դառնայ Հայաստանի մէջ: Այս մասին ըսաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներէն ժամանած երիտասարդ հայ գործարարներու եւ հայ համայնքի գործունեայ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի Ժողովրդական տնտեսութեան նուաճումներու տարածքին մէջ գործող հայկական »Արմէնիա« տաղաւարին մէջ: Ողջունելով ներկաները՝ Զարեհ Սինանեան ներկայացուց Հայաստանի զարգացման տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները:
Խօսելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մասին՝ Սինանեան դիտել տուաւ, որ գրասենեակը այժմ Սփիւռքի հետ աշխատանքի օրակարգն ու ճամբու քարտէսը կը մշակէ, իսկ արդէն 2020ի ամրան կը նախատեսուի կազմակերպել երեք համաժողովներ: Առաջինը պիտի ըլլայ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովը, որ ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլայ նախկին համաժողովներէն. անիկա պիտի ունենայ յստակ օրակարգ, պիտի քննարկուին խնդիրներ, եւ պիտի իրագործուին տարբեր նախագիծեր: Համաժողովի նպատակներէն է նաեւ Համահայկական խորհրդատուական մարմինի ստեղծումը, որով Սփիւռքը պիտի ներկայացուի Հայաստանի մէջ:
Ըստ Գլխաւոր յանձնակատարին՝ երկրորդ համաժողովը պիտի համախմբէ Սփիւռքի քաղաքական գործիչներն ու պետական պաշտօնեաները եւ նպատակ պիտի ունենայ առաջարկներու փաթեթ եւ քաղաքականութիւն մշակել: Երրորդ համաժողովը պիտի ըլլայ տնտեսական՝ ընդհանուր հարթակ ստեղծելով Սփիւռքի գործարարներու համար։
Քննարկուեցան Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայեր ներգրաւելու եւ առկայ օրէնսդրական խոչընդոտները վերացնելու վերաբերող հարցեր: Հաւաքուածներուն մեծ մասը հետաքրքրուած էր Հայաստանի մէջ գործարարութեան արտօնութիւններով եւ IT ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու հնարաւորութիւններով:
Պատասխանելով բոլոր հարցումներուն՝ Սինանեան նշեց, որ պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու եւ նպաստելու միւս գերատեսչութիւններուն: Ըստ անոր՝ այս հաւաքներուն նպատակն է լսել գաղութներու խնդիրներու մասին, հասկնալ, թէ լուծման ինչ ակնկալութիւններ կան, համագործակցութեան ինչ պատկերացում ունին, որպէսզի անկէ ետք լծուին աշխատանքի։