
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մէջբերեց «Ալարտ»ի այն մտավախութիւնները, որ Ամուլսարի ծրագիրին առաջին հարուածը պիտի ստանայ Որոտանը, այնուհետեւ ջրաղբիւրները՝ թէ՛ ստորգետնյա, թե՛ մակերեւութային, ինչու չէ՝ նաեւ Սեւանը:
Ան ընդգծեց, որ եթէ միջազգային անկախ փորձաքննութիւնը հաստատէ, որ երկրաբանութեան եւ ջրաբանութեան ուղղութիւններով կան վտանգներ եւ անոնք յաղթահարուած չեն, որեւէ միջազգային իրաւարարութիւն չի կրնար Հայաստանը պատժել:
Դաշնակցութեան դիրքորոշումն այն է, որ հանքի փորման աշխատանքները պէտք չէ շարունակուին, մինչեւ միջազգային հեղինակաւոր որեւէ կազմակերպութիւն ամբողջական հետազօտութիւն չիրականացնէ: Իսկ այդ ընթացքին »Լիդիան«ը պէտք է հետեւի, որ այսօրուան վնասակար ազդեցութիւնները աւելի շատ չտարածուին, որովհետեւ, Մինասեանի համաձայն, այսօր էական խաթարումներ տեղի ունեցած են:
Արծուիկ Մինասեան վկայակոչեց «Ալարտ»ի հետազօտութեան մտահոգիչ տուեալները, օրինակ՝ գոլորշիացման գերագնահատումը. տեղումները «Լիդիան»ի նշածէն աւելի շատ պիտի ըլլան, գոլորշիացումը՝ քիչ:
«Եւ հետեւաբար, հաշուարկները, որ դուք կատարում էք, թէ այսքան կը գոլորշիանայ, այսքանը մենք պոմպերով (ջրմուղով-Խմբ.) դուրս կը մղենք, իրականութեանը չեն համապատասխանում, տեղումները լինելու են շատ, գոլորշիացումը քիչ, ձեր պոմպերն էլ փորձարկուած չեն», ընդգծեց Մինասեան:
Ան դիտել տուաւ, որ, երկրաբանական ուսումնասիրութեամբ, հրաբխային այդ զանգուածի ծակոտիները այնքան շատ են, որ յաւելեալ պայթումները աւելի պիտի մեծցնեն զանոնք եւ ծակոտիներու միջոցով հեղուկը շատ աւելի արագ պիտի հասնի ջրային աւազաններ: «Այդ դէպքում ձեր կանխատեսումը, յարգարժան »Լիդիան«, որ ասում էք՝ տեղումների արդիւնքում աղտոտուած ջուրը 130 տարի յետոյ նոր կը հասնի ջրային հատուածին, իրականում այդպէս չէ, շատ աւելի շուտ է հասնելու», նշեց Մինասեան:
Ան կարեւոր նկատեց ծրագիրի տնտեսական եւ ընկերային լուրջ ցուցանիշները, բայց եւ այնպէս աւելցուց, որ այդ ձեռբերումները բաւարար չեն այս կամ այն որոշումը կայացնելու. «Միանշանակ պատասխանը »ոչ« է, որովհետեւ եթէ շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութիւնը այնքան բացասական է, որ ազդելու է մարդու կեանքի, առողջութեան, շրջակայ միջավայրի, համայնքների, կենսաբազմազանութեան վրայ, հանքի շահագործումն արդարացուած չէ»:
Buy Lydian 760 million shares @0.10 Canadian or pay 40 million expense in US$ price tag will be covered fast