ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի անկախութեան 28րդ տարեդարձին առիթով, 21 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու կազմակերպած «Անկախութեան երթ-Մեր հայրենիք» խորագիրով քայլարշաւը, որ սկիզբ առաւ Մատենադարանի յարակից տարածքէն, ուրկէ՝ դրօշակներով եւ փողերախումբին առաջնորդութեամբ, մասնակիցները անցան Մաշտոցի պողոտայով, Ամիրեան փողոցներով ու համախմբուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն եւ պետականութեան խորհրդանիշներէն մէկը հանդիսացող Արամ Մանուկեանի արձանին առջեւ:
Երթի նպատակը անկախութեան ոգեկոչումն է, անկախութեան ընկալման բարձրացումը ժողովուրդին մօտ:
Այս առիթով խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ դիտել տուաւ, թէ վերանորոգուած անկախութեան տարեդարձը զիրար շնորհաւորելու եւ հպարտանալու առիթ ըլլալու կողքին, պէտք է մղէ անաչառ կերպով վերլուծելու բացթողումներն ու ձախողումները, գտնելու զանոնք ուղղելու եւ լուծումներ գտնելու ձեւերը։ Ան նախորդ 28 տարիներու պատմական ձեռքբերումներէն նկատեց ազատագրուած Արցախը, մեր անկախ պետականութիւնը ամրապնդող կառոյցներու յառաջացումը, Սահմանադրութեան բարեփոխումը, կառավարման խոր-հրդարանական համակարգ անցումը, տնտեսական կարգ մը ճիւղերու մէջ յաջողութիւնները, նաեւ՝ ստեղծագործ ժողովուրդին անհատական յաղթանակները գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Խօսելով բացթողումներուն մասին՝ Ի. Սաղաթէլեան ըսաւ, որ նախորդ 28 տարիներուն չկրցանք ստեղծել համերաշխ հասարակութիւն, զարգացած տնտեսութիւն, արդար պետական եւ արդիւնաւէտ կառավարման համակարգեր, եւ ամէնէն կարեւորը՝ «չենք կարողացել մեզ ներսից խժռող թշնամանքը, ատելութիւնն ու չարութիւնը վերացնել եւ համախմբել հայ ժողովրդին, ստեղծել ազգային պետութիւն»:
«Հենց այս էր պատճառը, որ հազարաւոր մեր հայրենակիցներ 2018ին Ապրիլին դուրս եկան փողոցներ։ Հանրային պահանջը յստակ էր եւ այլընտրանք չունեցող: 2018ին իշխանափոխութեան արդիւնքում մեր հասարակութիւնը արդարացիօրէն նոր եւ կտրուկ փոփոխութիւնների պահանջներ ներկայացրեց նոր իշխանութիւններին», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան՝ յիշեցնելով, որ շուրջ տարի մը առաջ վարչապետ Փաշինեան Արամ Մանուկեանի յուշակոթողի առջեւ խոստացաւ կառուցել Արամի երազած Հայաստանը, շարունակել Արամ Մանուկեանի առաքելութիւնը, ըլլալ արժանի Արամ Մանուկեանին։ Ան աւելցուց, որ գետնի վրայ, սակայն, կացութիւնը այդպէս չէ, որովհետեւ կը կազմաքանդուին պետական հաստատութիւնները, իշխանութիւնները կը փորձեն անխնայ իւրացնել դատական համակարգը, իշխանութիւններուն հրահրած հասարակական անվստահութիւնն ու ներքին անկայունութիւնը երկիրը կը տանի դէպի ծանր ճգնաժամ, իսկ հանրութեան մէջ ձեւաւորուած ներքին ատելութիւնը, հասարակական բեւեռացումը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ: «Այս ամէնի արդիւնքում օրէցօր անյոյս է դառնում խօսելը այդքան բաղձալի առաջընթացի եւ վերելքների, այդքան երազած տնտեսական յեղափոխութեան եւ լայնածաւալ ներդրումների, հարուստ եւ բարեկեցիկ, ժողովրդավարական երկիր կառուցելու մասին», ըսաւ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը՝ շեշտելով, որ ասիկա չէ Արամ Մանուկեանի երազած Հայաստանը, իրաւական, ընկերային, ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած հզօր Հայաստանը։
Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց, որ անցեալը ջնջելով չէ անպայման, որ նորը կը կառուցուի, այլ պէտք է դասեր քաղել անցեալէն, որպէսզի սխալները չկրկնուին, պէտք է յառաջ երթալ յանուն ներկայի եւ ապագայի, պէտք է արժեւորել անցեալի փառաւոր էջերը, մեր նորագոյն պատմութեան ձեռքբերումները, որոնք շարժիչ ոյժն են մեր յետագայ վերելքներուն համար: «Չկան հին ու նոր Հայաստաններ, կայ մէկ Հայաստան, կայ Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւն եւ նրա իրաւայաջորդ՝ ներկայիս հանրապետութիւնը, եւ ամենակարեւորը՝ կայ ապագայի Միացեալ Հայաստանը», շեշտեց ան։
Իբրեւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ՝ ան շեշտեց. «Մենք տեսնում ենք երկրի բնականոն զարգացման ընթացքը կասեցնող սպառնալիքները, մենք տեսնում ենք երկրի անվտանգային համակարգին ուղղուած մարտահրաւէրները, մենք անհանդուրժելի ենք համարում մեր ինքնութիւնը խարխլող արշաւանքը մեր ազգային ինստիտուտների (հիմնարկների-Խմբ.) եւ արժէքների դէմ, արձանագրում ենք, որ երկրում տիրող հանրային անհամերաշխութեան մակարդակը ուղիղ սպառնալիք է մեր ազգային անվտանգութեանը, մենք գիտակցում ենք, որ պետութեան զարգացման հայեցակարգային ծրագրերի բացակայութիւնը երկիրը տանում է ցնցումների եւ անկանխատեսելիութեան ճանապարհով։ Մենք պարզապէս իրաւունք չունենք եւ չենք կարող սոսկ այս իրավիճակի արձանագրողը լինել։
Հետեւաբար՝ մեր երկրի ներքին կայունութիւնը, սահմանների անառիկ պաշպանութիւնը, հասարակական համերաշխութեան ապահովումը, երկրի Սահմանադրութիւնը ոտնձգութիւններից զերծ պահելը, իրաւական եւ սոցիալական արդարութեան պահանջը շարունակում է լինել Դաշնակցութեան առաջնային օրակարգը, եւ սա է անկախութեան ու պետականութեան պահպանման, զարգացման եւ հզօրացման գրաւականը: Ես եմ անկախութեան պաշտպանը, դու ես անկախութեան պաշտպանը, նա է անկախութեան պաշտպանը, մենք ենք անկախութեան պաշտպանը, հայն է հայի եւ հայոց պետականութեան պաշտպանը», եզրափակեց Սաղաթէլեան:
Տօնական երեկոն շարունակուեցաւ ազգային երգերով՝ երգիչներու եւ »Ատանա փրոճեքթ« խումբին մասնակցութեամբ: