
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Քննչական կոմիտէի զինուորական Քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան վարչութիւնը մեղադրանք առաջադրեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանին՝ Հայաստանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու համապատասխան պաշտօնատար անձերուն համար ճշդուած պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ լիազօրութիւնները շրջանցելու յանցանքով:
«Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 190րդ յօդուածի 6րդ մասին համաձայն՝ նախաքննութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութեան մարմինների ղեկավար աշխատողների, պետական ծառայութիւն իրականացնող անձանց՝ իրենց պաշտօնական դիրքի կապակցութեամբ յանցակցութեամբ կամ նրանց կատարած յանցագործութիւնների դէպքերով կատարում են Յատուկ քննչական ծառայութեան քննիչները, ուստի, նախաքննութիւնը շարունակելու համար քրէական գործն ուղարկուել է ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ։