ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, 22 Սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, ապա «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի։
Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր Ս. պատարագի արարողութեան եւ մեծարանքի հանդիսութեան նախագահեց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան: Ս. պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, որ ի մօտոյ՝ աւարտելով պաշտօնավարութեան շրջանը, պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք։ Յընթացս Ս. պատարագի, ներկայ հոգեւորականները, նախագահութեամբ Թորգոմ սրբազանին՝ բարձրացան Ս. Խորան եւ կատարեցին Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւնը։
Արարողութեան աւարտին, առաջնորդական փոխանորդ սրբազանը ընթերցեց առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը՝ ուղղուած հայր Պարոյրին, ապա առաջնորդ սրբազան հօր ուղարկած լանջախաչով զարդարեց հայր Պարոյրի վիզը։
Յետմիջօրէին, բազմաթիւ ծխականներ եւ հիւրեր, խուռներամ հաւաքուեցան «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ՝ միասնաբար ըստ արժանւոյն բարի երթ մաղթելու հայր Պարոյրին։ Ճաշկերոյթին ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը բովանդակէր հայր Պարոյրի հովուական ծառայութեան երեքուկէս տարիներէն քաղուած յատկանշական պատկերներ։
Յաջորդաբար խօսք արտասանեցին Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Պէզճեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սալվադորէ արք. Գորտիլէոնէ, Ծովածոցի հայ հոգեւոր հովիւներուն անունով՝ Յովել քհնյ. Օհանեան, «Կիլիկեան Ռազմիկներ» երիտասարդաց խումբի անդամներէն Լոռի Տէր Խաչատուրեան եւ Հրակ Պարտիզպանեան։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան իւրայատուկ եւ սրտառուչ խօսքերով յիշեց հայր Պարոյրին շնորհիւ կատարուած բոլոր այն իրագործումները, որոնք նպաստեցին եկեղեցւոյ պայծառացման։ Ան համայնքին բոլոր անդամներուն անունով իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայր Պարոյրին՝ անոր հովուական երեքուկէս տարուան անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրուածութեան համար։
Յայտագիրի վերջընթեր հատուածին իր սրտի խօսքը փոխանցելով՝ հայր Պարոյրը շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազան հօր, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն, եկեղեցւոյ գրասենեակի անձնակազմին, շրջանին մէջ գործող քոյր միութիւններուն, ծխական համայնքի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ ինք հովուական կեանքի ծառայութեան մէջ անփորձ էր եւ այս ծխական համայնքը իրեն սորվեցուց հոգեւոր հովիւ ըլլալ։ Ան վստահեցուց, թէ այս ծխական համայնքը իր յիշողութեան մէջ թողուց անջնջելի հետք մը, զոր իրեն հետ պիտի տանի մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Հանդիսութեան աւարտին, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի հոգեւորականներուն պատրաստութեան եւ անոնց դպրեվանքեան տարիներէն սկսեալ, հայրական հոգածութեամբ կը խնամէ զանոնք։ «Հայր Պարոյրը Արեւմտեան թեմ եկաւ որպէս անթիլիասական վարդապետ, ծառայեց անթիլիասականի նուիրուածութեամբ, եւ տուն՝ Անթիլիաս կը վերադառնայ Անթիլիասական հոգեւորականի վայելչութեամբ եւ արդար պարծանքով», ընդգծեց սրբազան հայրը։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ հայր Պարոյրին «Պահպանի»չ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։