ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ», «Ռոյթըրզ».- 29 Սեպտեմբերին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի, Պեքաայի, հարաւային եւ հիւիսային Լիբանանի մէջ, տնտեսական տագնապին դէմ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր:
Կէսօրուան ժամերուն, հարիւրաւոր ցուցարարներ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարեցին եւ իշխանութիւնները պատասխանատու նկատեցին ժողովուրդը նման տագնապի մատնելնուն համար:
Անոնք պահանջեցին ամերիկեան տոլարի տագնապը, անգործութեան ու օտար բանուորներու հարցերը անյապաղ կերպով լուծել՝ պոռալով. «Անկցի դրամատիրութիւնը»:
Ցուցարարները ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակը եւ աւելի ուշ անոնք հրկիզուած անիւներով փակեցին Ռինկի կամուրջը, Պշարա Խուրի փողոցը, ինչպէս նաեւ կեդրոնական Պէյրութ տանող բոլոր փողոցները, որոնք աւելի ուշ բացուեցան ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Ռինկի կամուրջին եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ հրմշտուք տեղի ունեցաւ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ, սակայն մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան: Ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին անկարգութիւններ կատարած կարգ մը ցուցարարներ, ինչպէս նաեւ արգիլեցին ցուցարարներուն »Նըժմէ« հրապարակը հասնիլ՝ զետեղելով երկաթեայ անցարգելներ եւ փշաթելեր:
Ցուցարարներ փակեցին նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբաները, որոնք աւելի ուշ բացուեցան ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Թրիփոլիի մէջ, ցուցարարները ներկայ իշխանութիւններուն դէմ հնչեցուցին կարգախօսներ՝ պահանջելով տապալել ներկայ վարչակարգը: Թրիփոլիի մէկ հրապարակին վրայ ցուցարարները հրկիզեցին նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի լուսանկարը:
Հարաւային Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարուեցան հիմնական երկու քաղաքներու մէջ՝ Մերժահիուն եւ Նապաթիէ, ուր ցուցարարներ հրկիզուած անիւներով փակեցին ճամբաները:
Մինչեւ ուշ գիշեր սակաւաթիւ քաղաքացիներ անդադար կրկնեցին ճամբաները փակելու իրենց փորձերը, որոնց պատճառով արձանագրուեցաւ երթեւեկի խճողում, որ վերջ գտաւ ճամբաներու վերաբացումով: