ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական ծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի նիստ մը։ Որոշուեցաւ աշխատանքներ իրականացնել՝ հիմնադրամէն օգտուողներուն ցանկը էապէս ընդլայնելու ուղղութեամբ: «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Մասնաւորապէս, նախատեսւում է 2020 թուականի Յունուարի 1ից փոխհատուցել նաեւ մինչեւ 1998 թուականը տեղի ունեցած դէպքերի հարազատներին: Յիշեցնեմ, որ մինչ այժմ փոխհատուցումը տարածւում էր մինչեւ 2008 թուականը տեղի ունեցած դէպքերի վրայ: Յիրաւի՝ չափազանց կարեւոր որոշում՝ հազարաւոր ընտանիքների համար», նշեց ան: