ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մեկնարկած է Ազգային վերածնունդ կուսակցութեան տարածքային կառոյցներու ժողովներու շարքը, որ նպատակ ունի համագումարին առաջարկել կուսակցութեան կողմէ Արցախի նախագահի թեկնածուի եւ կուսակցութեան համամասնական ցանկի անդամներուն անունները:
Նմանատիպ առաջին ժողովը, Հադրութի տարածքային կառոյցինն էր, որ կայացաւ 6 Հոկտեմբերին, Հադրութ քաղաքին մէջ:
Ժողովը, համաձայն կուսակցութեան 5րդ համագումարի որոշումին, Ազգային վերածնունդ կուսակցութեան կողմէ Արցախի նախագահի թեկնածու առաջարկեց Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հայկ Խանումեանը:
Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Հադրութի տարածքային ժողովը, Ազգային վերածնունդ կուսակցութեան համամասնական ցանկին համար առաջարկեց բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ալենուշ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը:
2020ի խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն, կուսակցութիւնը մտադիր է մասնակցիլ սեփական համամասնական ցանկով եւ թեկնածուով: