ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Միռնա Խաուլիի, Պեվըրլի Հիլզի բնակարանին մէջ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Լիբանանի հիւպատոսարանին հետ կապ Թորոս Յ. Քէչէճեան եւ լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան ընդունելութեան։