ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն մէջ կիներու ներգրաւուածութեան եւ պետական աջակցութեան մեքանիզմներու վերաբերեալ իրենց առաջարկները ներկայացուցին Ազգային ժողովին:
Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները թեման քննարկեցին «Կուսակցութիւնների մասին սահմանադրական օրէնքը, առկայ խնդիրները եւ փոփոխութիւնների շրջանակը» թեմայով խորհրդարանական լսումներուն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ Արմէնուհի Կիւրեղեան իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ Ազգային ժողովի աշխատանքային խումբին ներկայացուցած հայեցակարգին մէջ նշուած է, որ օրէնքի բարեփոխման առանցքային նպատակը բազմակուսակցական համակարգի զարգացումն է: Կիւրեղեան նկատել տուաւ‘ բազմակուսակցական համակարգի կայացումը շատ կարեւոր է, սակայն տեսակէտ յայտնեց, որ այսօր դեռ ունինք միակուսակցական ղեկավարում:
«Կան կուսակցութիւններ, որոնցում 50 տոկոսից աւելին կանայք են, կան կուսակցութիւններ, որտեղ կանայք 10 տոկոս են: Պէտք է կուսակցութիւնների բոլոր մակարդակներում ղեկավար մարմինների կազմում համամասնօրէն ապահովել կանանց ներգրաւուածութիւնը», ըսաւ Կիւրեղեան:
Քաղաքացու որոշում կուսակցութեան անդամ Միքայէլ Նահապետեան շեշտեց կուսակցութեան ներքին շարքերուն մէջ ժողովրդավարութեան առկայութեան կարեւորութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ կուսակցութիւններու մասին օրէնքին վերաբերեալ հարցեր քննարկելը կ՛առնչուի Սահմանադրութեան, Ընտրական օրէնսգիրքին, Հանրաքուէներուն մասին օրէնքի հարցերուն: «Մենք կը պայմանաւորուենք այս կէտի շուրջ թէ ոչ, էապես կախուած է նրանից, թէ յարակից իրաւական ակտերով ի՛նչ խճանկար ենք կառուցելու, քանի որ համամասնական ընտրակարգը ենթադրում է մէկ տիպի կուսակցութիւններ, մեծամասնականը՝ մէկ ուրիշ: Վստահելի պայմանաւորուածութեան գալու համար անհրաժեշտ է այդ ողջ խճանկարն ունենալ», նշեց ան։
Անդրադառնալով պետութեան կողմէ կուսակցութիւններուն տրուող աջակցութեան՝ Նահապետեան նկատել տուաւ, որ թէ՛ գործող կարգաւորումներով, թէ՛ ներկայացուած առաջարկներով բոլոր առաւելութիւն նախատեսող դրոյթները խորհրդարանական կամ գոնէ 2 տոկոսէ աւելի ձայներ հաւաքած կուսակցութիւններուն համար են, բոլոր սահմանափակումները՝ արտախորհրդարանական ուժերուն: Ան յոյս յայտնեց, որ պիտի գտնուին այն մեքանիզմները, որոնցմով կուսակցութիւնները ֆինանսաւորում պիտի ստանան, ըստ իրենց կատարած քաղաքական աշխատանքին: