ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Գիւմրիի մէջ «Աւրորա ֆորում»ի ծիրին մէջ կազմակերպուած է երախտագիտութեան «ֆլեշմոպ»: Գիւմրիի բազմաթիւ դպրոցականներու մասնակցութեամբ շեշտը դրուած է մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ երախտագէտ ըլլալու կարեւորութեան վրայ:
Գիւմրեցի դպրոցականները «Thank you, world» բառերով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են աշխարհին:
Նշենք, որ հարիւր տարի առաջ ալ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած մանուկները Գիւմրիէն իրենց իւրայատուկ երախտագիտութեան ուղերձը յղած էին աշխարհին՝ «Ամերիկա, մենք շնորհակալ ենք քեզի» գրութիւն կազմելով իրենց մարմիններով: