ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, երբ վերջացեր էր «խնձոր» բառին հեքիաթը, երկինքէն ինկեր էր երեք խնձոր, արցախցիի բերանով՝ «Երգինքան իրեք խնձոր վեր ընգաւ»: Նախ խածեր էինք անոնցմէ երկու հատը՝ ստուգաբանական արմատները եւ պատմական պտուղները: Տեսեր էինք, թէ քաղցրահամ էին անոնք: Հեքիաթին ամէնէն հիւթալի մասը՝ դարձուածքներն էին, ինչպէս երբ պոլսահայը կ՛ըսէր. «Երեսիտ խնձորները ուտե՜մ», իսկ գորիսցին՝ «Ասիս բաղի կյարմյուր խնձոր ինի»:
«Խնձոր» բառը Արտամետէն Արցախ եւ Սեբաստիայէն Սասուն լաւ աճած էր, նաեւ՝ իբրեւ տեղանուն: Կարօտով այցելեր էինք Խնձորուտ եւ Խնձորիկ, Խնձորովիտ եւ Խնձորգին: Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, մեր խնձորենիէն քաղենք երրորդ խնձորը՝ «խնձոր» բառին աշուղական եւ քնարական գործածութիւնները:
10րդ դարուն, հայ գրականութեան մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխութիւն մը. հայ գրականութեան վերածնունդն էր անիկա: Այդ օրերուն մեր բնաշխարհին մէջ յայտնուեցան տաղասացներ, որոնք երգեցին բնութեան գեղեցկութիւնը եւ կեանքը ամբողջութեամբ ապրելու փափաքը: Այդ տաղերուն մէջ գարունն էր տարուան սիրելի եղանակը, իսկ խնձորը՝ պտուղներէն ընտրեալը:
«Խնձոր» բառին առաջին երկրպագուն Գրիգորիս Աղթամարցին էր՝ տարագիր կաթողիկոս մը, որ 16րդ դարուն առաջին կիսուն՝ մեր պատմութեան ամենամութ ժամանակներուն ողբաց հայրենիքի թշուառութեան եւ պանդխտութեան վրայ, իսկ այն սակաւաթիւ օրերուն, երբ կը խաղաղէր երկիրը, գրի կ՛առնէր աշխարհիկ տաղեր՝ բնականոն կեանքի կարօտով: Ահա՛ անոնցմէ մէկը. «Դա նուշ ա շաքար, տափ անուշ խնկին, / Դա կարմիր խնձոր է մէջ տերեւին»:
Այդ օրերուն «խնձոր» բառը կը դառնար այլաբանութիւն: Կնոջ գեղեցկութիւնն էր անիկա, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհիկ վայելեքներու քաղցր պատկերը:
Ապա եկաւ Նաղաշ Յովնաթան՝ «խնձոր»ին հաւատարիմ այգեպանը: Հայկական վերածնունդի վերջին տաղասացն էր ան եւ նոր շրջանի առաջին աշուղը: Նաղաշ Յովնաթանը կարելի է տեսնել՝ որպէս իր նախնիներուն՝ գողթան երգիչներու 18րդ դարու մարմնացումը: Իր ծննդավայրէն՝ Ագուլիսի Շոռոթ գիւղէն ճամբայ ելաւ, հասաւ Թիֆլիս, իր հետ բերաւ հայկական բանահիւսութեան հարուստ ժառանգը եւ վրաց թագաւոր Վախթանգ Զ.ի պալատին մէջ, իբրեւ արքունի երաժիշտ՝ գովերգեց կինն ու գինին: Իր տաղերուն մէջ, խնճոյքի սեղաններու շուրջ, Յովնաթան երգեց «խնձոր» քաղելու եւ անոր թարմութիւնը համտեսելու իր տենչանքը:
Ասիկա գաղափարն էր համարձակ այդ ժամանակաշրջանին, երբ չկար գռեհիկ մարմնապաշտութիւն: Սիրուհիին մարմինը այլեւս մեղքի դրդիչ չէր, այլ՝ աստուածստեղծ շնորհ: Իսկ «խնձոր» բառը, երբ դարձաւ այսքան ուշագրաւ, եւ մեծանուն աշուղներ իրենց աչքերը սեւեռեցին անոր վրայ՝ շիկնեցաւ, դարձաւ կարմրաթուշ: Յարմար գտաւ, որ նաեւ քիչ մը ծածկուի: Ահա յովնաթանեան սիրաբանութիւն մը.
«Քու ծոցն պաղչա՝ նռա՛ն, խնձորի,
Պինդ կու պահես, աջա՞բ, էդ ո՞ւմ համար ա»:
Այլ տաղի մը մէջ, Յովնաթան այսպէս փառաբանեց իր սիրուհին. «Ծոցդ՝ բախչա, կանանչ բոստան, շամամ, խնձոր շարէշար» (յարգելի ընթերցող, «շամամ» եւ «սերկեւիլ» բառերն ալ կ՛արժանանային նոյն ուշադրութեան եւ գնահատանքին):
Վրաց պալատի յաջորդ աշուղն էր Սայաթ-Նովան: Ան ալ որսաց մէկ-երկու «խնձոր»: Բայց Սայաթ Նովայի միտքը աստուածաշնչային էր: Ճաշակենք քանի մը տողիկ՝ համառօտութիւններով.
«Տէրն ասաց,- չո՛ւտիք էս բար (պտուղ)…
Համ առնիլն ուզից նախամայր Յիւան…
Քաղից արգիլուած խնձորն»:
Յովհաննէս Թումանեանի «Փարվանա» աւանդավէպին մէջ բառը անգամ մը եւս դարձաւ հեքիաթային. ան նշանակեց ամուսնութեան հաւանութիւն: Պատմութեան մէջ Փարվանայի փառահեղ արքան, բազմաթիւ ասպետներու ներկայութեան, իր ծաղիկ աղջիկը այսպէս կը յորդորէ. «Ընտրի՛ր, զարկի՛ր ձեռքիդ խնձորն / Անյաղթներից անյաղթին». ապա. «Աղջիկն առաջ եկաւ / Կարմիր խնձորն իր ձեռին»:
Կարմրաւուն եւ նրբամաշկ «խնձորներ» ինկան նաեւ մեր ժողովրդական երգերուն մէջ: Զանոնք հաճոյքով փրցուց Կոմիտաս վարդապետը. «Կարմիր խնձոր հաներ, տար, կիւլիւմ ճան/ Ալուան ծաղիկ տանել տար, կիւլիմ ճան», / «Խնձոր թալեմ, արի, տար», «Խնձորի կէսը կծած էր, եար ունի, եար ունի»:
Այլ երգահաւաք մը՝ Գրիգոր Սիւնի ձայնագրեց հետեւեալը. «Աղջիկ տեսայ եայլի ձոր, / Նման էր կարմիր խնձոր»: Իսկ Կարա Մուրզան մշակեց անուշահամ եղանակ մը. «Քեզի մեռնեմ, անուշ եար ջան / Կարմիր խնձոր, լալ ու մարջան»:
Հոկտեմբեր ամսուն, այս զովացող օրերուն, Հայաստանի մրգաստաններուն մէջ կը հասուննան բուրումնաւէտ խնձորներ եւ կը մօտենայ զանոնք քաղելու եղանակը: Կը պատմեն, թէ Գուսան Հաւասի, Երեւան ապրած տարիներուն, օր մը կը հիւանդանայ: Տանտիրուհին՝ տիկին Արուսեակը վշտացած՝ կ՛որոշէ արկղ մը խնձոր ուղարկել մեծ երգահանին՝ իբրեւ բարեկամական ընծայ: Այդ ազնիւ նուէրին փոխարէն, Հաւասի ոգեշնչուած՝ կը յօրինէ «Ընծայ Խնձոր» երգը. «Եարի ղրկած ընծայ խնձոր, մահլամ (սպեղանի) դրի վէրքերիս խոր»:
Մեղմօրօր է նաեւ Ռուբէն Հախվերդեանի եւ Լիլիթ Պիպոյեանի զուգերգը, որ յօրինուած է գիւղագիր Թլկատինցիի քնարական խօսքերուն վրայ. «Ձեռքիս վարդը տամ, վարդը որ չառնէ, ոսկի խնձոր տամ»:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, ճաշակեցինք մայրենի մրգաստանի չափազանց հրապուրիչ, երբեմն գայթակղեցուցիչ, բայց միշտ ազնիւ եւ քնարական պտուղը՝ «խնձոր» բառը:
Խածնենք Գուսան Շահէնի «Խռոված Էր» երգը եւ հրաժեշտ տանք այդ դրախտային բառին.
«Այսօր, ես իմ եարին տեսայ, թուխ մազերը օլորած էր,
բարեւ տուի, բարեւս չառաւ, գուցէ ինձնից խռովա՞ծ էր,
Նայի դէմքին՝ կարմիր խնձոր, լուսնի նման բոլորած էր»: