ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերին Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 324,755 մարդ՝ 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 16.5 տոկոսով:
«Արմէնիա» միջազգային օդակայաններու լրատուական բաժինէն յայտնեցին, որ 2019ի Սեպտեմբերին՝ 2018ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, «Զուարթնոց»ի մէջ ուղեւորահոսքը աւելցած է 18.8 տոկոսով: Եթէ 2018ի Սեպտեմբերին «Զուարթնոց» օդակայանի ծառայութիւններէն օգտուած է 262,816 ուղեւոր, ապա 2019ի Սեպտեմբերի ցուցանիշը կազմած է 312,240 ուղեւոր:
2019 թուականի Սեպտեմբերին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանի ուղեւորահոսքը կազմած է 12,515 մարդ: 2018 թուականի նոյն ամսուան 15,904 ուղեւորահոսքի համեմատ նուազումը կազմած է 21.3 տոկոս:
Տարեսկիզբէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկու օդակայաններու ուղեւորահոսքը կազմած է 2,396,966 մարդ, որ 11.4 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներու ցուցանիշը:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2019 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն հետ բաղդատած, 13.3 տոկոսով աւելցած են նաեւ թռիչք¬վայրէջքները: