ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արտակ Քամալեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնըթըն Լաքոթը, դեսպանութեան գիւղատնտեսական հարցերու խորհրդական Ալեքսանտր Մարթինեսը եւ Հայաստան ժամանած մասնագէտներ:
Հանդիպման հիմնական նպատակն էր քննարկել Ֆրանսայի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան կողմէ Հայաստանի խաղողագործութեան ու գինեգործութեան հիմնադրամի եւ Մտաւոր սեփականութեան գործակալութեան հետ իրականացուող, աշխարհագրական նշումով գինիներու համակարգի միացեալ ներդրման նպատակով թեքնիք օժանդակութեան վերաբերող հարցեր:
Հիւրերը համառօտ կերպով ներկայացուցին աշխարհագրական նշումներու ոլորտին մէջ ֆրանսական փորձառութիւնը: Միտքեր փոխանակուեցան ոլորտին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն շուրջ: Արտակ Քամալեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գիւղատնտեսութեան ոլորտի կայուն զարգացման համար աշխարհագրական նշումները կարեւոր են, ուստի Հայաստան կ՛ակնկալէ ֆրանսական կողմին աջակցութիւնը գործընթացը բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ իրականացնելու հարցին մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ որոշ ոգելից ըմպելիներու ապրանքանիշի պաշտպանութեան, արտասահմանեան շուկաներուն մէջ հայկական գինեգործական եւ քոնեակագործական արտադրութեան բարձր որակի եւ մրցունակութեան ապահովման վերաբերող հարցեր:
Դեսպանութեան գիւղատնտեսական հարցերու խորհրդական Ալեքսանտր Մարթինես իր կարգին նշեց, թէ ֆրանսացի մասնագէտները հետաքրքրուած են համագործակցութիւն ծաւալել նաեւ անասանաբուծութեան բնագաւառին մէջ՝ գիւղատնտեսութեան կրթութեան եւ մասնագէտներու վերապատրաստութեան ոլորտներուն մէջ: