ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 21 Հոկտեմբերին հիւրընկալեց Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ, «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեանը ու Մեծն Բրիտանիոյ լորտերու պալատի անդամ, Լոնտոնի կայսերական քոլեճի Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու հիմնարկի տնօրէն, փրոֆեսէօր Արա Տարզին:
Նախագահ Սարգսեան եւ սփիւռքահայ անուանի հիւրերը միտքեր փոխանակեցին համահայկական հարցերու, հայ ժողովուրդի միասնական ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման, փոխուող աշխարհի մէջ Հայաստանի զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցերու շուրջ:
Նախագահը յատկապէս անդրադարձաւ Սփիւռքի բարձրակարգ մասնագէտներու փորձառութիւնը եւ հմտութիւնները ի շահ հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայեցնելու ու համապատասխան կարելիութիւններ ստեղծելու կարեւորութեան: