ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պէյճինկի մէջ կայացող միջազգային անվտանգութեան հարցերով Սեանշանի 9րդ համաժողովի ծիրին մէջ 22 Հոկտեմբերին կայացաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի առանձին հանդիպումը Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Վէյ Ֆենխէի հետ:
Պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները բարձր գնահատեցին հայ-չինական երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը, գոհունակութիւն յայտնեցին ռազմական եւ ռազմական-թեքնիք բնագաւառին մէջ իրականացուող միջոցառումներուն վերաբերեալ:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացան երկու պետութիւններուն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ զինուորներու փոխադարձ վերապատրաստութեան, խաղաղապահ առաքելութիւններու մէջ ներգրաւման, գործնական եւ մարտական պատրաստութեան միջոցառումներու միացեալ մասնակցութեան հարցերը:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-չինական փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիներու, ոլորտներու ու հեռանկարներու, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ: