ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թիֆլիսի մէջ «Մետաքսի ճանապարհ» համաժողովի ծիրին մէջ, 22 Հոկտեմբերին Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Արչիլ Թալաքվածէի, ինչպէս նաեւ Ասիական զարգացման դրամատան փոխախագահ Շինքսին Չենի հետ։
Արչիլ Թալաքվածէի հետ հանդիպումին կողմերը մատնանշեցին բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու եւ հանդիպումներու կարեւորութիւնը՝ հայ-վրացական յարաբերութիւններու շարունակական յառաջխաղացքին համար։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման դրական ընթացքին համար։
Տիգրան Աւինեան եւ Արչիլ Թալաքվածէ ընդգծեցին նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ։ Այս պարունակին մէջ կողմերը անդրադարձան երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամութեան խումբերու աշխատանքին եւ խորհրդարանական յանձնաժողովներուն միջեւ համագործակցութեան։
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ վիրահայ համայնքի դերակատարութիւնը՝ երկու բարեկամ ժողովուրդներու եւ երկիրներու յարաբերութիւններու առաւել սերտացման առումով։
Վրացական կողմին խնդրանքով, Տիգրան Աւինեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան գերակայութիւնները եւ կառավարման համակարգի բարեփոխումները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային տնտեսական մեծ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր։
Ասիական զարգացման դրամատան փոխախագահ Շինքսին Չենի հետ հանդիպումին Տիգրան Աւինեան գոհունակութիւն յայտնեց փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան գծով՝ նշելով, որ դրամատունը Հայաստանի զարգացման կարեւոր գործընկերներէն մէկն է՝ աւելի քան 1.5 միլիառ տոլար իրականացուած ծրագիրներու փաթեթով։ Ան աւելցուց, որ դրամատան աջակցութիւնը առաւել առարկայական է տնտեսական ենթակառուցուածքներ ստեղծելու եւ արդիականացնելու գործին մէջ։
Շինքսին Չեն կարեւոր նկատեց Հայաստանի հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը՝ հիմնուած երկրի գործընկերութեան ռազմավարութեան մէջ արտացոլացող առաջնահերթութիւններուն վրայ։
Քննարկուեցան նաեւ պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան, ենթակառուցուածքներու, մարդուժի կարողութեան զարգացման, հանրային կառավարման բարեփոխումներուն, բարձր արհեստագիտութիւններու կենսոլորտային համակարգի զարգացման վերաբերող հարցեր։