
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան խորհրդարանի նիստին անդրադարձաւ «Հոկտեմբեր 27ի» ոճրագործութեան մասնակիցներէն՝ Նայիրի Յունանեանի պայմանական վաղաժամկէտ արձակման դիմումին եւ նշեց, որ դիմումին առնչուած քանի մը բեմագրութիւն կայ։
«Համար առաջին սցենար. եթէ պրոբացիայի (պայմանական ազատում-Խմբ.) ծառայութիւնը եւ քրէակատարողական ծառայութիւնը երկուսն էլ տալիս են դրական եզրակացութիւն, ապա համապատասխան միջնորդութիւնը ներկայացւում է դատարան։ Եթէ երկու կառոյցներից մէկը տալիս է դրական եզրակացութիւն, մէկը՝ բացասական, ապա դատապարտեալի գրաւոր համաձայնութեամբ հնարաւոր է հարցը քննարկել դատական կարգով։
«Եթէ երկուսն էլ տալիս են բացասական եզրակացութիւն, ապա հարցի քննարկումը համարւում է մերժուած։ Տուեալ դէպքում քրէակատարողական ծառայութիւնն արդէն իսկ բացասական եզրակացութիւն է տրուել։ Նկատի ունենալով, որ պրոբացիայի ծառայութիւնն առաջնորդուելու է նոյն չափանիշներով, կարծում եմ՝ ելքը պարզ է», յայտնեց նախարարը։