ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պաքու այցելած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշղօղլու 25 Հոկտեմբերին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան եւ այդ հարցով Ռուսիոյ ունեցած դերակատարութեան մասին:
Թուրք նախարարը, կրկնելով շարք մը անհիմն պնդումներ, ինչպէս՝ «հայկական կողմը բռնագրաւման տակ կը պահէ Ատրպէյճանի հողերը»՝ ըսաւ. «Մենք միշտ Ատրպէյճանի կողքին ենք։ Եղբայրական Ատրպէյճանի վիշտը մեր վիշտն է, իսկ երջանկութիւնը՝ մեր երջանկութիւնը: Մեր ձեռքէն եկածը պիտի ընենք, որպէսզի բռնագրաւուած հողերը ազատագրուին: Մենք Ռուսիոյ հետ եւս կը խորհրդակցինք Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ: Մեր նախագահը Ռուսիոյ նախագահին հետ ամէն հանդիպման ընթացքին կ՛ըսէ, որ (ԵԱՀԿի) Մինսկի համանախագահութեան աշխատանքը արդիւնք չի տար, եւ խնդիրը կրնայ լուծել Ռուսիան»:
Չաւուշօղլու նաեւ պնդեց, որ եթէ Հայաստան «չի փափաքիր մեկուսացած մնալ, պէտք է անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկէ» այս հարցին լուծում մը գտնելու համար:
Աւարտին, թուրք պաշտօնատարը նշեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել Արցախի հակամարտութեան լուծման հասնելու համար: