ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ կայացած Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ։
Մետվետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ խորհուրդի նախագահութեան ստանձնման համար։ «Այդ նախագահութիւնը ստանձնելը ինքնին իւրայատուկ արուեստ է, որովհետեւ կրնան ստեղծուիլ որոշ իրավիճակներ՝ լուծում պահանջող։ Դուք արժանաւորապէս շարունակեցիք այս ընթացքը ուրիշներէն ետք։ Ասիկա լաւ առիթ է քննարկելու նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները, ներդրումները, մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները։ Ընդհանուր առմամբ՝ մեր երկիրներուն միջեւ ամէն ինչ բարեյաջող կերպով կը զարգանայ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ կատարելագործելու ոչինչ կայ։ Կան որոշ հարցեր, զորս պէտք է քննարկել, եւ ես հաճոյքով կ՛ընեմ ատիկա», յայտնեց Ռուսիոյ վարչապետը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ խորհուրդի նախագահութեան Հայաստանի պաշտօնը աւարտին հասաւ արդէն։
«Ցանկանում եմ նշել, որ այն բեղմնաւոր էր, քանի որ այս տարի ուժի մեջ մտաւ ԵԱՏՄ-Իրան համաձայնագիրը, համաձայնագիր կնքեցինք նաեւ Սինգապուրի հետ, այսօր կնքեցինք ազատ առեւտրի համաձայնագիր Սերբիայի հետ։ Կարծում եմ՝ որոշ մեր գործընկերների հետ բանակցութիւններն ընթանում են լաւ տեմպերով։ Համոզուած եմ, որ ընդլայնուելու է այն երկրների աշխարհագրութիւնը, որոնք համաձայնագրեր ունեն ԵԱՏՄի հետ։ Սա նաեւ լաւ առիթ է մեր երկրների միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնների քննարկման համար», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։