ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Էրզրում (Կարին) նահանգի Հորասան շրջանի Եազըլըթաշ գիւղին մէջ գտնուող եւ Վանի Ուրարտական (Արարատեան) հայկական թագաւորութեան արքայ Մենուային վերագրուող մօտաւարպէս 3 հազարամեայ ուրարտերէն սեպագիր արձանագրութիւնը կործանման վտանգին տակ է. վերջերս գանձագողերը փորձած են զայն կոտրել բրիչով:
«Աթաթուրք» համալսարանէն մասնագէտ Ալփասլան Ճէյլան յայտնեց, որ պատմական կոթողը գանձագողերու կողմէ կրնայ որեւէ ատեն աւելիով վնասուիլ՝ կոչ ընելով պատկան մարմիններուն, որ անյապաղ կանխարգելիչ միջոցներու ձեռնարկեն երաշխաւորելու համար անոր ապահովութիւնը:
«Պատմութիւնը մեր ձեռքով ոչնչացնելու տարբեր ձեւ է այս: Ոսկի որոնելու համար կ՛ընեն այս մէկը: Այս արձանագրութեան վերջին տողը կ՛ըսէ. «Ան որ ոչնչացնէ այս գրութիւնը, թող արժանանայ աստուածներու անէծքին: Ժայռին մէջ ոսկի չկայ», յայտնեց Ճէյլան:
Նշենք, որ Մենուայի այս արձանագրութեամբ կը ներկայացուին արքային նուաճումները: