ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Չորք-Մարզպանի հայրենակցական միութեան տարեկան աւանդական դաշտագնացութիւնը անկասկած այն հաճելի ձեռնարկներէն մէկն է, որուն ընթացքին Տէօրթ-Եոլի հայրենակիցներ, իրենց հարազատներով ու բարեկամներով, կը համախմբուին բնութեան ծոցին մէջ‘ պահ մը մոռնալու իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները, վայելելու իրարու ներկայութիւնը եւ վերանորոգելու իրենց հայրենակցական ու բարեկամական կապերը:
Միութեանս այս տարուան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, «Crescenta Valley» զբօսայգիին մէջ:
Առաւօտեան ժամը 10ին ժամանելու սկսան մեր հայրենակիցները եւ բարեկամները, գրաւելով իրենց նախընտրած սեղանները: Մինչեւ կէսօր ներկաներուն թիւը հասած էր արդէն շուրջ երկու հարիւրի եւ անոնց աշխոյժ խօսակցութեան ալիքները սկսած էին լեցնել մթնոլորտը: Այդ պահուն, բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեանս նոր անդամներէն Թալին Արսէնեան, որ իր դիպուկ հիւմըրով ոգեւորեց ներկաները եւ բարի ժամանց մաղթեց բոլորին: Ան իր խօսքը ուղղեց անգլերէնով, մատչելի դառնալու համար երիտասարդներուն:
Ապա խօսափողը փոխանցուեցաւ վարչութեանս ատենադպիր Գէորգ Յակոբեանին՝ իր բարի գալուստի խօսքը ուղղելու ներկաներուն եւ պարբերաբար անոնց հաղորդելու օրուան յայտագիրին մանրամասնութիւնները: Յակոբեան յիշատակեց ներկայութիւնը միութեանս հիմնադիր ու վեթերան անդամներուն, ինչպէս նաեւ ծանօթ մտաւորականներուն, ուսուցիչներուն եւ ազգայիններուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին մեր հաւաքոյթը: Ան մասնաւորաբար յիշատակեց ներկայութիւնը միութեանս նախկին ժրաջան ատենապետ Սարգիս Մինասեանի, որ վերջերս փափաք յայտնած էր ազատ կացուցուիլ ատենապետի իր պարտականութենէն, զայն փոխանցելով այլ վարչականի մը:
Միութեանս նոր ատենապետը՝ Ալիշան Թօփալեան ոտքի վրայ կը շրջէր սեղանէ սեղան, պատասխանելու համար ներկաներու հարցումներուն եւ ստուգելու համար, որ ամէն ինչ կարգին էր:
Մթնոլորտը կը խանդավառէր տաղանդաւոր երգիչ Խաչիկ Զէնեան՝ հայկական ու եւրոպական սիրուած երգերով: Անոր կ՛ընկերակցէր չորք-մարզպանցի հայրենակից Խաչիկ Թանգեան, որ իր բնածին երաժշտական շնորհները փոխանցած էր նաեւ իր որդւոյն՝ Սերժ Թանգեանին, որ այսօր կը վայելէ միջազգային ճանաչում՝ իբրեւ համբաւաւոր երգիչ ու երաժիշտ:
Կ.ե. ժամը 1ին, մինչ խորովածին ծուխը սկսած էր քրքրել ախորժակները, ներկաները հրաւիրուեցան ճաշի, որ կը մատուցուէր «Movses Catering»ի կողմէ: Աւելի ուշ, Արշօ Շաքլեանի պատրաստած հայկական սուրճին բոյրը կը հասնէր սեղաններուն շուրջ բոլորուած հայրենակիցներուն եւ հիւրերուն:
Յետմիջօրէին, փոքրիկներու խումբը կը հաւաքուէր ծառէն կախուած «փինիաթա»ին շուրջ, որ գաւազանի հարուածներուն տեղի տալով կը պարպէր իր գունաւոր շաքարները, փոքրիկներուն արձակած ճիչերուն ընկերակցութեամբ: Անոր յաջորդեց մանկական երգերու համբաւաւոր եւ սիրուած մեկնաբան Մակի Իսթիլեան-Ճարլըքեանի քաղցրաձայն երգեցողութիւնը, որ խանդավառութեան ալիքներ ստեղծեց ամէն հասակի փոքրիկներուն մօտ:
Օրուան ընթացքին տեղի ունեցան նարտիի եւ պլոթի խաղերը: Պլոթի մրցաշարքին յաղթողներն էին՝ Արտօ Գալայճեան-Յակոբ Պաղչէճեան զոյգը, իսկ նարտիի մրցումին առաջնութինը շահեցաւ Սեդրակ Եազըլեան: Յաղթողները ստացան յատուկ բաժակներ:
Օրուան վիճակահանութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, տեղի ունեցաւ Լենա Գալայճեանի բծախնդիր կազմակերպութեամբ: Բախտաւորուեցան 12 ներկաներ՝ տարբեր նուէրներով:
Օրուան ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ կատարուեցան 3200 տոլարի նուիրատուութիւններ, ներառեալ՝ տէր եւ տիկ. Արտաւազդ եւ Արուս Գալայճեաններու եւ Յարութիւն (Հէրի) Պրոնոզեանի հազարական տոլարները։
Սրտաբուխ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն, եւ վարձքը կատա՛ր վարչութեան անդամներուն եւ անոնց օգնականներուն, որոնք ըրին իրենց կարելին՝ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար:
(Թղթակցութիւնը՝ միութենէն)