ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. առաքելական եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը ապահովելու նպատակով, եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբը կազմակերպած է իր տարեկան եօթներորդ «Կամուրջ դէպի ապագայ» ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լա Հոյայի «Հայէթ» պանդոկի սրահին մէջ:
Այս ձեռնարկին նեցուկ կանգնելու համար, արուեստագէտ Ժան Գազանճեան ընդունելութիւն մը կազմակերպած է 10 Նոյեմբերին, որուն ընթացքին ծախուած արուեստի գործերուն հասոյթին մէկ մասը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ կառուցման հիմանդրամին։
Նշենք, որ «Արձագանգներ» որակուած ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 9էն Նոյեմբերի եւ 28 Դեկտեմբերի միջեւ, Սան Տիէկոյի յայտնի «Մէյըր» ցուցադրասրահին մէջ եւ պիտի ներկայացուին Գազանճեանի մօտաւորապէս 80 ստեղծագործութիւնները: Նշեալ ընդունելութեան ներկայ ըլլալու համար՝ դիմել meyerfineartinc@gmail.com հասցէին կամ (619) 358-9512 թիւին։
«Կամուրջ դէպի ապագայ» ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ընթացքին Գազանճեանի նուիրուած մէկ ստեղծագործութիւնը աճուրդի պիտի դրուի, դարձեալ նոյն նպատակով։
Գեղարուեստական ծրագրին պիտի մասնակցին «Էլըն Ճի.» նուագախումբը եւ երգիչ Մարք Վիրապեան, իսկ ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ այս տարուան Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան «Միսս Եու.Էյ.» մրցանքին մասնակցող Ալեքսիա Նաճարեան, որ արդէն իսկ շահած է Նըպրեսքա նահանգին գեղեցկութեան մրցանքը։
Տոմսերու սակը 250 տոլար է (10-25 տարեկաններու համար՝ 125 տոլար), իսկ ներկաները պիտի վայելեն շրջանի քանի մը յայտնի խոհարարներու պատրաստելիք ճաշերը եւ անոնց ընկերակցող ոգելից ըմպելիները:
Յիշեցնենք, որ Տել Մար քաղաքին մօտերը գտնուող Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ նոր համալիրին կառուցումը պիտի իրականացուի հանգրուաններով, իսկ անոր աւարտին, իր շրջափակին մէջ պիտի ունենայ նոր եկեղեցի մը, ընկերային ձեռնարկներու յատուկ սրահ, երիտասարդական կեդրոն, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել www.stjohngarabed.org/gala կայքը, դիմել stjohngarabedsd@gmail.com հասցէին կամ (619) 884-8983 թիւին: