ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, «Սարոյեան» սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան հանդիպեցաւ քաղաքին մէջ գործող քոյր միութիւններուն հետ:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան՝ շեշտելով, որ ուրախութեան եւ յուզմունքի պահ մը կ՛ապրի գաղութը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ նորանշանակ հայր սուրբին ու յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին:
Ապա, Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին հոգեւոր հովիւին, մաղթելով ուժ եւ եռանդ՝ շարունակելու համար իրեն վստահուած առաքելութիւնը: Նաեւ, ան բարի գալուստ եւ յաջողութիւն մաղթեց նորանշանակ հայր սուրբին:
Այս առթիւ, Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան իր ողջոյնի խօսքը կատարեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Հոգաբարձութեան ատենապետին եւ անդամներուն, Տիկնանց միութեան եւ քոյր միութիւններուն իրենց հոգատարութեան եւ գործակցութեան համար: Հայր սուրբը իր հոգեւոր ծառայութեան առաջին փորձառութիւնը յաջողութեամբ աւարտեց եւ կը մեկնի Մայրավանք՝ իր նոր պաշտօնը ստանձնելու:
Սմբատ վրդ. Սապունճեան եւս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սրբազան հօր, Հոգաբարձութեան ատենապետին եւ անդամներուն, Տիկնանց միութեան եւ քոյր միութիւններուն՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար եւ վստահեցուց, որ գիտակցութեամբ եւ լրջութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը ու իր ծառայութիւնը ի սպաս պիտի դնէ այս գաղութի բարօրութեան:
Փակման խօսքը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ բարձր գնահատեց հայր Պարոյրին տարած աշխատանքը, թէ՛ գաղութին մէջ եւ թէ իր ուսման վերաբերեալ, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Սրբազանը այնուհետեւ քոյր միութիւններուն ներկայացուց եկեղեցւոյս նոր հոգեւոր հովիւը:
Հանդիպման աւարտին, սրբազանը «Պահպանիչ»ով օրհնեց գաղութիս ներկայացուցիչները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւը մատուցեց իր անդրանիկ պատարագը: Հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն օրհնութեամբ եւ տնօրինումով ան իր ծառայութիւնը կը շարունակէ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ անցնող տարուան ընթացքին իր եղբայրական խրատներով զինք պատրաստեց իր նոր առաքելութեան: Հայր սուրբը նաեւ շնորհակալութեան եւ ողջոյնի խօսք ուղղեց թեմի Ազգային վարչութեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ քոյր միութիւններուն:
Իր անդրանիկ պատգամին մէջ, հոգեւոր հովիւը ըսաւ. «Ամէն Կիրակի, երբ մենք այս Ս. խորանին դիմաց կը հաւաքուինք ու կ՛աղօթենք, երբ մեր կեանքի մտահոգութիւնները մէկդի դնելով՝ կու գանք Աստուծոյ հետ խօսելու, մեր հոգին է որ կը վերանորոգուի եւ կը վերակենդանանայ»:
Յաւարտ Ս. պատարագի, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն՝ ի պատիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի: Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան իր սրտի խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Հաւաքուած ենք բարի գալուստ մաղթելու հայր Սմբատին եւ ցտեսութիւն ըսելու հայր Պարոյրին: Հայր Պարոյրը 3 ու կէս տարիներ շարունակ սիրով ծառայեց այս գաղութին մէջ, իր բարի եւ ժպտուն դէմքով միշտ օգտակար դարձաւ բոլորիս: Այսօրուան ցտեսութիւնը մեզի համար ժամանակաւոր է, որովհետեւ հայր Պարոյրը մեր մեծ ընտանիքին անդամն է եւ վստահ եմ ինքն ալ նոյն զգացումներով կը մեկնի, կրկին անգամ հանդիպելու հաւատքով: Այսօր ուրախութեան օր է: Ներկայ է մեր եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւը՝ հայր Սմբատը: Սիրելիներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոյն որակի հոգեւորականներ մէջտեղ կը բերէ, մանաւանդ որ այսօր Անթիլիասը հարուստ է իր երիտասարդ հոգեւորականներով: Բարի եկաք հայր Սմբատ, վստահ եղէք, որ մենք միշտ ձեզի հետ ենք շարունակելու համար մեր հաւաքական կեանքը մեր սիրելի գաղութին մէջ»:
Ապա խօսք առնելով, Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան ըսաւ. «Շատ հաճելի է տեսնել երկու երիտասարդ հոգեւորականներ, որոնք նոյն նպատակին համար ներկայ են այստեղ: Ճիշդ է, որ հայր Պարոյրը կը մեկնի, սակայն ան միշտ պիտի յիշուի այս գաղութին մէջ: Ան մեր սիրտերուն մէջ մնայուն ներկայութիւն է: Ինչպէս կը տեսնէք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով այսօր մեզի հետ է մեր նոր հոգեւոր հովիւը: Մենք յաջողութիւն կը մաղթենք հայր սուրբին»:
Այս յուզումնալից արտայայտութիւններէն ետք, հայր Պարոյրը իր հրաժեշտի խօսքին մէջ ըսաւ. «3 ու կէս տարիներու ծառայութենէ ետք, ահաւասիկ կը վերադառնամ տուն՝ Մայրավանք, ինծի հետ տանելով ձեր սէրն ու գուրգուրանքը: Շատ մեծ փորձառութիւն մըն էր ինծի համար, եւ փորձառութենէն աւելի, ես այս գաղութին մէջ զգացի ընտանեկան այն ջերմ մթնոլորտը, որ զիս առաջնորդեց ըլլալու ծառայ Աստուծոյ եւ անդամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին: Ի սրտէ կ՛ըսեմ՝ երանի մեր բոլոր միաբանները գան եւ ծառայեն այս գաղութին, որովհետեւ այս գաղութը հայ հոգեւորականին մանաւանդ՝ անթիլիասականին համար ինքնազարգացումի եւ փորձառութեան աղբիւր է: Շնորհակալ եմ եւ բախտաւորուած՝ ձեր մեծ ընտանիքին մաս կազմելուս համար»:
Հայր Սմբատը, իր կարգին ըսաւ. «Հայր Պարոյրը եւ ես երկար տարիներ միասին ապրած, սորված եւ հոգեւոր անդաստանին մէջ ծառայող եղբայրներ եղած ենք: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իմաստն ու առաքելութիւնը կը մարմնաւորուի մէկ արժէքի մէջ, եւ այդ արժէքին կարեւորութիւնը մենք ստացած ենք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն. այդ արժէքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆը: Ծառայութիւնը իր մէջ կը պարունակէ երկու ստորոգելիներ՝ գիտակցութիւն եւ համեստութիւն: Ձեր վկայութիւնները լսելէ ետք, վստահ եմ, որ հայր Պարոյրը գիտակցութեամբ եւ համեստութեամբ ծառայեց այս գաղութին: Սրտանց ուրախ եմ հայր Պարոյրին համար, եւ վստահ եմ որ մօտիկ ապագային իրեն վստահուած պաշտօնը պիտի կատարելագործ է: Այսօր չեմ եկած խոստումներ տալու, այլ խօսքը կեանքի վերածելու: Մենք մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած ենք եւ մենք պարտաւոր ենք պաշտպանել մեր եկեղեցին, մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքները, ու այդ մէկը կը կատարուի միայն ու միայն միասնականութեամբ: Հետեւաբար, սիրելիներ, եկէք միասնաբար շարունակենք մեր սուրբ առաքելութեան երթը»:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ նոր հոգեւոր հովիւին «Պահպանիչ»ով:
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)