ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգով աշխատանքէ արձակուած (պետական դրօշին նկատմամբ ոչ-պատշաճ վերաբերում ցուցաբերելուն պատճառով) մաքսային ծառայութեան աշխատակից Հայկ Մարտիրոսեան սիրով ընդունեց դարձեալ Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) համակարգին մէջ աշխատելու առաջարկը:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց ՊԵԿի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինի պետ Լուսինէ Մկրտչեան:
«Հայկ Մարտիրոսեանը ուրախութեամբ ընդունել է կրկին ՊԵԿում աշխատելու առաջարկը եւ ասել է, որ սիրով կը վերադառնայ համակարգում աշխատելու: Նա աշխատելու է ներքին անվտանգութեան վարչութիւնում՝ որպէս մաքսային տեսուչ, ինչպէս նախկինում», ըսաւ ան։
29 Հոկտեմբերին՝ ՊԵԿի նախագահ Դաւիթ Անանեանի հետ հանդիպման ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրահանգեց մաքսային ծառայութեան նախկին աշխատակից Հայկ Մարտիրոսեանը դարձեալ ծառայութեան ընդունիլ համակարգին մէջ:
Չեմ գիտեր թէ ռուսերէն ի՞նչ է անունը այդ ճախարակին, որ թելի ծայրին կապուած՝ վեր կ’ելլէ ու վար կ’իջնէ…: Անգլերէն՝ «Եօ-եօ» է: