Արհետսվարժ թենիսի միջազգային դաշնակցութեան նորագոյն դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Կարէն Խաչանով բարելաւեց իր դիրքը եւ 9րդ դիրքէն բարձրացաւ 8րդ դիրք: Նշենք, որ Մոսկուայի մէջ, երկու շաբաթ առաջ «Քրեմլինի բաժակ»ը շահելէն ետք, Խաչանով անցեալ շաբաթ հասած էր Վիեննայի մրցաշարքին քառորդ աւարտականին, պարտուելով Տիեկօ Շուարցմընէն (Արժանթին), իսկ 29 Հոկտեմբերին, ան Փարիզի մրցաշարքին երկրորդ հանգրուանին անակնակօրէն պարտուեցաւ գերմանացի Լենարտ Շրուֆէն՝ 6-7, 6-3, 5-7 արդիւնքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.