ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրառում մը կատարելով՝ հաղորդեց, որ Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս հանելու քայլը՝ «Պրեկզիթ»ը, դարձեալ յետաձգուած է, որովհետեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները համաձայնած են Բրիտանիոյ արտօնել՝ Եւրոպական Միութենէն հեռանալ մինչեւ 31 Յունուար:
Մինչ այդ, Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն կը փորձէ 12 Դեկտեմբերին խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ իրականացնել, յուսալով ամրապնդել խորհրդարանին մէջ իր խախուտ դիրքը:
Ըստ նախապէս սահմանուած ժամկէտներուն՝ «Պրեկզիթ»ը պէտք է տեղի ունենար մինչեւ 31 Հոկտեմբեր, սակայն Բրիտանիոյ խորհրդարանը ցարդ Եւրոպական Միութիւնը լքելու պայմաններուն շուրջ համաձայնութիւն չէ կրցած գոյացնել: