ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ ուսուցիչներու աշխատավարձը կրկին պիտի բարձրանայ՝ շեշտելով, որ ամէն ինչ ըրած են, որպէսզի այս գործընթացը շարունակական ըլլայ:
«Առաջին անգամ պետական մակարդակով սահմանուել է ուսուցչի նուազագոյն աշխատավարձ՝ մէկ դրոյքի համար առնուազն 108,000 դրամ: Որեւէ ուսուցիչ դրանից ցածր չի վարձատրուի», նշեց գրառման մէջ:
Կառավարութեան որոշումով, 2020 թուականի պետական ամավարկէն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան յատկացումները պիտի ըլլան 179.5 միլիառ դրամ: