Լոյս տեսաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանի առաջին՝ «Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Գաղտնիքները» խորագիրով գիրքը:
«Հրատարակութեան շնորհիւ մարդիկ պիտի ծանօթանան հետաքրքրական եւ ուշագրաւ պատմութիւններու՝ նուիրուած հայկական Երուսաղէմին եւ տեղվոյն հայերու հետքերուն», կը գրէ «Արմէնփրէս»ը։
Անդրադառնալով գիրքին պատմութեան՝ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան կը յայտնէ, որ շուրջ 17 դարեր հայ եկեղեցին յատկապէս Երուսաղէմի եւ միւս կարեւոր քաղաքներուն մէջ ներկայ եղած է եւ իրականացուցած կարեւոր առաքելութիւն:
Գիրքը նախ կ՛անդրադառնայ այդ առաքելութեան: Երկար դարերու ընթացքին, հայ եկեղեցին Էջմիածինի մէջ ստեղծած է պատմամշակութային եւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն, որոնք յաւուր պատշաճի չեն ներկայացուած:
Դիւանապետը փորձած է այս գիրքով անդրադառնալ հայկական այդ ժառանգութեան՝ զայն հասանելի դարձնելով հայերուն եւ օտարներուն:
Նշենք, որ գիրքը պիտի թարգմանուի անգլերէնի եւ եբրայերէնի: Կը նախատեսուի յառաջիկայ տարի երկրորդ եւ երրորդ հատորներուն հրատարակութիւնը, որ պիտի ներառէ 60 պատմութիւններ։