ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 1 Նոյեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան եւ ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի անդամ Կարին Յովսէփեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցին անունով երախտագիտական նամակ յանձնեցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան:
Զանոնք դիմաւորեց եւ ողջունեց դեսպանատան մամլոյ կցորդ Քելլի Լոնկ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց երախտագիտութեան համար եւ նշեց, որ երբ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինն Թրէյսի Հայաստան վերադառնայ, շուտով պիտի յանձնեն նամակը։
«Հայ Դատի գրասենեակները տասնամեակներ աշխատել են այս ուղղութեամբ, կարողացել են մոբիլիզացնել (զօրաշարժի ենթարկել-Խմբ.) ամբողջ հայ համայնքը: Միացեալ Նահանգներու Կոնգրեսի Ներկայացուցիչների պալատը թիւ 296 բանաձեւով վերահաստատեց դեռեւս 1951թ. որդեգրած իր դիրքորոշումը, ըստ որի՝ դարասկզբին՝ 1915-1923թթ., տեղի ունեցած՝ 1.5 միլիոն հայի կոտորածը եւ տեղահանութիւնները Ցեղասպանութիւն են եղել: Բանաձեւը նաեւ խրախուսում է մարդկութեան դէմ դեռեւս իրականացուող յանցագործութիւնների եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ կապի վերաբերեալ կրթութիւնը եւ հանրային իրազեկուածութիւնը», «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գնահատական ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան:
Ըստ անոր՝ բանաձեւի ընդունումը անգամ մը եւս հաստատեց, որ ժխտում այլեւս անիմաստ է, եւ վերջ ի վերջոյ, Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան, ընդունի իր կատարած յանցագործութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն: «Մեր տարածաշրջանում երկարատեւ, կայուն համերաշխութիւն հնարաւոր է ապահովել միայն, եթէ Թուրքիան առերեսուի իր պատմութեանը, ընդունի իր մեղսագործութիւնը, վերականգնուեն մեր ժողովրդի իրաւունքները, եւ հաստատուի պատմական արդարութիւնը», եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամը: