ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Առաւել քան 200 մասնագէտներ՝ Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Լեհաստանէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Մալիզիայէն, Յորդանանէն, Օմանէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Ղազախստանէն եւ այլ երկիրներէ ներկայացուցին իրենց գաղափարները եւ փորձառութիւնը 1-2 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Մարդկային պաշարներու կառավարման տարածաշրջանային 8րդ համաժողով»ին՝ «Աշխատանքի ապագան» խորագիրով:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ այս նախաձեռնութիւնը իրարու ծանօթանալու կողքին, առիթ է քննարկելու համայնքը յուզող հարցեր, միասին աշխատելու, փորձառութիւններ փոխանակելու, զինուելու նոր գիտելիքներով եւ մշակելու գործողութիւններու նոր ծրագիր՝ իւրաքանչիւր ոլորտի զարգացման համար: Ըստ անոնց՝ տարիէ տարի համաժողովը աւելի լայն ճանաչում կը ստանայ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս՝ ընդլայնելով իր աշխարհագրութիւնը:
Այս տարուան համաժողովը իրագործուեցաւ դասախօսութիւններու եւ աշխատանքային խումբերու ձեւաչափով, իսկ համաժողովին երկրորդ օրուան ընթացքին Մարդկային պաշարներու մասնագիտական համայնքը, հիմնուելով Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հրապարակած տուեալներուն, ոլորտի մասնագէտներուն եւ սեփական մասնագիտական փորձառութեան վրայ՝ լուսարձակի տակ առաւ ոլորտի հիմնահարցերը եւ զարգացման հնարաւոր ուղիները:
«Որպէս Հայաստանի առաջատար գործատուներից մէկը, մեր թիմի համար անչափ կարեւոր էր գործընկերների հետ մեր փորձառութեամբ ու գիտելիքով կիսուելը, սովորելն ու սովորեցնելը, նաեւ ոգեւորուելը, խօսելն ու յետադարձ կապ ստանալը ոլորտի առաջատար փորձագէտներից: «Ապագայի աշխատանքը» համաժողովն արդիւնաւէտ հարթակ էր դէպի ապագայ նայող մեր ընկերութիւնների խմբի համար ու նման հարթակ ստեղծելու համար մենք շնորհակալ ենք կազմակերպիչներին», ըսաւ «Գալաքսի» ընկերութիւններու խումբի մարդկային պաշարներու կառավարման գծով տնօրէն Էլմիրա Յովհաննիսեան։
Մարդկային պաշարներու կառավարման տարածաշրջանային 8րդ համաժողովին ընթացքին մասնագէտներու եւ փորձագէտներու հետ քննարկումներուն ընդմէջէն աւելի պարզ դարձաւ, թէ ինչպէս պէտք է Մարդկային պաշարներու կառավարիչները պատրաստուին դարու մարտահրաւէրներուն: