ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1991ին հաստատուած «Մուրատեան» ցուցադրասրահը նոր հասցէի փոխադրուելուն առիթով կազմակերպած է խմբային իւրայատուկ ցուցահանդէս մը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն 10։
Խմբային ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին ստեղծագործութիւնները շարք մը արուեստագէտներու, որոնց շարքին են՝ Յակոբ Յակոբեան, Սարգիս Համալպաշեան, Վահան Ռումէլեան, Սեմ Զումեան, Վահէ Պէրպէրեան, Ռուբէն Նաքեան, Էմիլ Գազազ, Ռուբէն Աբովեան, Ժան Ժանսեմ, Ժան Գարզու, Արսինէ Չապանեան եւ Վարդան Մահոքեան։
Ընդարձակուած նոր ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 5211 W. Sunset Blvd., Los Angeles, CA 90027։
Խմբային նշեալ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 16 Փետրուար 2020։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել
www.mooradianfineart.com կայքը կամ դիմել (323) 486-7888 թիւին։