
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆաուլըր քաղաքէն Քլարա Պուսեան Պետրոսեան 50,000 տոլար նուիրած է ծրագիրին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ հաստատել «Քլարա Պուսեան Պետրոսեան» հիմնադրամը, նեցուկ կանգնելու համար հայագիտականի ուսանողներուն՝ կրթանպաստներու միջոցաւ, ինչպէս նաեւ Հայագիտականին կողմէ կազմակերպուող դասախօսական ձեռնարկներուն։
Այս առիթով, հայագիտական ծրագիրը համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան հանդիպում մը ունեցաւ նուիրատուին հետ, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր առատաձեռն աջակցութեան համար եւ աւելցնելով, որ այս նորագոյն որոշումը աւելիով կ՛ամրապնդէ Հայագիտականին եւ համայնքին միջեւ կապերը։
Նշենք, որ Քլարա Պուսեան Պետրոսեան 1958ին շրջանաւարտ եղած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն։