ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հրամաններով զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ, զօրավար Կամօ Քոչունց՝ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետի տեղակալ, իսկ գնդապետ Վաչագան Ներսէսեան՝ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան գլխաւոր տեսուչ։
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։