ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեխաներու համար Յովհաննէս Թումանեանի կերպարը ամբողջացնելու, անոր կեանքին ընթացքը աւելի մատչելի ներկայացնելու նպատակով, Թումանեանի թանգարանի նախաձեռնութեամբ, ստեղծուած է գրողին մասին պատմող գծանկարային ժապաւէն մը, որ ցուցադրուեցաւ 21 Նոյեմբերին, մեծ գրողի թանգարանին մէջ:
«Որպէսզի Յովհաննէս Թումանեանի կեանքը երեխաներին բարդ չթուայ, որոշեցինք մուլտֆիլմի միջոցով ներկայացնել մեծ գրողին: Մեր հիմնական նպատակը մատաղ սերնդին Թումանեանին աւելի մօտ դարձնելն է», յայտնեց թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեան:
Ան տեղեկացուց, որ գաղափարի հեղինակը թանգարանի նախկին տնօրէն Նարինէ Խաչատուրեանն է, իսկ ժապաւէնը կեանքի կոչած է Interactive world երիտասարդ խումբը: Երեխաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին ժապաւէնը, որուն մէջ հասանելի լեզուով կը ներկայացուին գրողին հետ առնչուած լուրջ, ինչպէս նաեւ զաւեշտալի դէպքերը:
Գրողին 150ամեակին առիթով ստեղծուած ժապաւէնը շուտով պիտի ներկայացուի նաեւ արեւմտահայերէն եւ անգլերէն: