ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ քննուող քրէական գործով ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ՝ իր լիազօրութիւններու շրջանակէն դուրս գալու, պաշտօնական դիրքը օգտագործելով եւ կարգ մը անձերու ապօրինի դասաւորումներ ընելով մեծ վատնում ու պաշտօնական կեղծիք կատարելու եւ պետութեան մեծ վնաս հասցնելու յանցանքով։
Մասնաւորապէս, պարզուած է, որ Սուրիկ Խաչատրեան, 2011-2012 թուականներուն՝ վարելով Սիւնիքի մարզպետի պաշտօնը, մարզպետարանի պաշտօնատար անձերուն միջոցով Սիւնիքի մարզի Նորաւան համայնքի ղեկավար Լաւրենտիկ Առաքելեանին տուած է ապօրինի յանձնարարութիւն՝ Սիւնիքի մարզի Նորաւան համայնքին պատկանող մետաղէ խողովակները, առանց որեւէ օրինական հիմքի, իր եղբօրը յանձնելու վերաբերեալ:
Աւաւել՝ Օգոստոս-Սեպտեմբեր 2016ին Սուրիկ Խաչատրեան Ակներ համայնքի ղեկավարին յանձնարարած է համայնքային հողատարածք մը աճուրդի միջոցաւ վաճառելու իր կողմէ նշուած անձին՝ Աշոտ Գէորգեանին։ Այս մասին կատարուած է կեղծ արձանագրութիւն, իբր Սեպտեմբեր 16ին տեղի ունեցած աճուրդով նշուած հողամասը 70,000 դրամով վաճառուած է Աշոտ Գէորգեանին:
19 Նոյեմբեր 2019ին Սուրիկ Խաչատրեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում եւ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։