ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու Տիկնանց օժանդակ մարմինը կը յայտարարեն, որ ազգային բարերար՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը ստանձնած է առաջնորդ սրբազան հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորութիւնը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Երկուշաբթի, Յունուար 6, 2020ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Գնահատելով բարերարներուն երկարամեայ նուիրաբերումը, առաջնորդ սրբազանը հաստատեց. «Մեզի համար յատկապէս աւելի նշանակալից է այս տարուան ձեռնարկը, որովհետեւ մեր թեմի ծառայական կեանքին տեղապահութեան եւ առաջնորդութեան տարիներուն 25րդ «Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ն է, զոր կը կազմակերպենք եւ որուն պիտի նախագահենք։ Երախտապարտ ենք Մելքոնեան ընտանիքին առատաձեռն նուիրատուութիւններուն ու զօրակցութեան համար, որոնք ուղղուած են մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ ի մասնաւորի Ազգային առաջնորդարանին, մեր ծուխերուն ու վարժարաններուն, Հայ Դատին եւ համայնքային բազմաթիւ կազմակերպութեանց»։